Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իվան Քորչոքը Կարեւորած Է ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս

Իվան Քորչոքը Կարեւորած Է ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս

by MassisPost

«Չնայած համավարակի ու պատերազմի հետեւանքներուն, Հայաստանը բռնած է զարգացման ուղին», յայտարարած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար՝ Իվան Քորչոքը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին։

Վարչապետի աշխատակազմը տեղեկացուցած է, որ Իվան Քորչոքը կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս՝ ընդգծելով, որ Սլովաքիան կը գնահատէ տարածաշրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման միտուած Հայաստանի ջանքերը: Իվան Քորչոքը անհրաժեշտ համարած է տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու իրագործումը եւ իր երկրի աջակցութիւնը յայտնած ԵԱՀԿ ՄԽ-ի համանախագահութեան ջանքերուն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու վերադարձի պայմանաւորուածութիւնը չկատարելուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանական զինուժի ներխուժումներուն:

Վարչապետը ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան եւ շեշտած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման բարեփոխումներուն ցուցաբերուող օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Սլովաքիոյ ԱԳ նախարարը նշած է Հայաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման հարցով իր երկրի կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը, մասնաւորապէս, Իվան Քորչոքը կարեւորած է տնտեսութեան, ներառեալ՝ ձեռնարկատիրութիւններու կապերու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մեծ կարեւորութիւնը, նաեւ փոխանցած Սլովաքիոյ ղեկավարութեան բարեկամական ուղերձները հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի վարչապետին։ Պարոն Քորչոք յայտնած է, որ տպաւորուած է Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment