Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գորիս-Կապան Ճանապարհին Իրանական Բեռնատարներու Ստուգումներուն Պատճառով Լարուածութիւն Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ՝

Գորիս-Կապան Ճանապարհին Իրանական Բեռնատարներու Ստուգումներուն Պատճառով Լարուածութիւն Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ՝

by MassisPost

Որոտանի մօտ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Էյվազլի բնակավայրի հատուածը ատրպէյճանական ոստիկանութեան կողմէ իրանական համարանիշներով բեռնատարներու վարորդներու ու բեռներու ստուգումներու շուրջ Պաքուն եւ Թեհրանը բարձր մակարդակի քննարկումներ կը վարեն։ Երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան պատճառ դարձած հարցը նախօրէին քննարկած են Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարն ու այդ երկրի մօտ Իրանի դեսպանը։

Ինչպէս կը յայտնէ պաշտօնական Պաքուն, իրանցի դեսպան՝ Սեյետ Ապաս Մուսաուին Հիքմեթ Հաճիեւի հետ հանդիպման ընթացքին արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած է «երկկողմանի օրակարգի հարցերու շուրջ եւ քննարկած զանոնք յաղթահարման ուղիները»։ Հաճիեւը այդ մասին իր թուիթըրեան գրառման մէջ, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ յատկապէս որոնք են այդ հարցերը եւ անոնց լուծման ճանապարհները։

Իրանցի դիւանագէտը իր հերթին ակնարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան մասին՝ նոյնպէս նախընտրելով փակագիծեր չբանալ:

«Քննարկուած են ընդհանուր մտահոգութիւն յարուցող հարցերը», – Թուիթըրով տեղեկացուցած է Սեյետ Ապաս Մուսաուին, որ վերջերս հրաւիրուած էր Ատրպէյճանի ԱԳՆ՝ լսելու Պաքուի բողոքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ իրանական բեռնատարներու բեռնափոխադրումներու առնչութեամբ։

Պաշտօնական Երեւանն ու Պաքուն հաստատած են, որ Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի մէկ հատուածին մէջ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը ստուգումներ կը կատարէ։ Հայկական կողմը տեղեկացուցած է, որ «Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնն ստուգում է իրանական պետական համարանիշներով բեռնատարների վարորդների ու բեռի փաստաթղթերը»։

Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, թէ իր հարկային օրէնսգրքով՝ երկիր մուտք գործող ու դուրս ելլող փոխադրային միջոցները հարկ պէտք է վճարեն, մասնաւորապէս՝ ճանապարհային եւ Ատրպէյճանի տարածքով միջազգային փոխադրումներ կատարելու համար։

44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի 21-քիլոմեթրանոց հատուածի որոշ հատուածներ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, վիճարկելի են, եւ այդ էր պատճառը, որ տարածքին մէջ անցեալ տարեվերջէն ռուս սահմանապահներ տեղակայուած են ։

 

Ալիեւի վարչակազմը նաեւ ռուսական կողմին դիմած է՝ Ղարաբաղ «փոխադրումներու անօրինական անցումը» կանխելու համար։ Մոսկուան առայժմ չէ արձագանքած։

«Պաքուն մտադիր չէ աչք փակել այդ հարցին վրայ» , – «Թուրան» գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ քորուփցիայի դէմ պայքարի հարցերով յանձնաժողովի անդամ՝ Այտին Միրզազատէն՝ շեշտելով․ – «Մենք կը սպասենք Ռուսաստանի յստակ քայլերուն։ Միեւնոյն ժամանակ աշխատանք կը տարուի իրանական կողմին հետ»։

«Աթլաս» հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար՝ Էլխան Շահինօղլուի տուեալներով, այդուհանդերձ, Իրանը ոչ միայն չէ դադրեցուցած բեռնափոխադրումները, այլ նաեւ աւելցուցած է զանոնք։ Փորձագէտի խօսքով՝ Պաքուն որպէս պատասխան քայլ պէտք է իջեցնէ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ սահմանէ բեռնափոխադրումներ կատարող ընկերութիւններու նկատմամբ։

«Երրորդ քայլը իրագործուած է երէկ։ Գորիս-Կապան ճանապարհի ատրպէյճանական հատուածին մէջ ուժեղացած է վերահսկողութիւնը եւ կը ստուգուին Իրանի բեռնատարները», – «Թուրան» գործակալութեան հետ զրոյցին մեկնաբանած է Ատրպէյճանցի փորձագէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment