Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Վրաստանի Վարչապետներու Երկկողմանի Բանակցութիւնները՝ Արդիւնաւէտ

Հայաստանի եւ Վրաստանի Վարչապետներու Երկկողմանի Բանակցութիւնները՝ Արդիւնաւէտ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Վրաստան աւարտած է։ Վարչապետի աշխատակազմի հաղորդմամբ՝ այսօր՝ Սեպտեմբեր 9-ի երեկոյեան Փաշինեան վերադարձած է Երեւան:

Այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Վրաստանի վարչապետ՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ նախագահ՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ, յարգանքի տուրք մատուցած Թիֆլիսի «Հերոսներու» հրապարակին վրայ եւ մասնակցած Վրաստանի վարչապետի անունով, ի պատիւ Հայաստանի վարչապետի տրուած պաշտօնական ճաշին։

Նիկոլ Փաշինեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ վարած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ՝ քննարկելով հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգը։ Քննարկման առանցքային հարցերէն եղած է տարածաշրջանի կայունութեան, խաղաղութեան եւ զարգացման դարաշրջան բանալու հեռանկարը։

Վարչապետի պաշտօնական այցը Վրաստան աւարտած է Պաթում քաղաք՝ Վրաստանի վարչապետի հետ ոչ պաշտօնական հանդիպումով, որու ընթացքին վարչապետին ներկայացուցած են զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրները եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման միտուած միջոցառումները։ Հայ եւ վրացի գործընկերները գոհունակութիւն յայտնած են բանակցութիւններու ընթացքէն եւ պայմանաւորուած շարունակել աշխոյժ հաղորդակցութիւնները թէ՛ պաշտօնական եւ թէ՛ ոչ պաշտօնական ձեւաչափերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment