Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հարցը Քննարկման Օրակարգ

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հարցը Քննարկման Օրակարգ

by MassisPost

Արդարադատութեան նախարար՝ Կարեն Անդրեասեան Սեպտեմբեր 8-ին հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած Սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Հանդիպումին մասնակցած են «5165 շարժման» առաջնորդ՝ Կարին Տոնոյեան, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Սանասարեան, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար՝ Տիգրան Խզմալեան, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեան, «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան» կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ՝ «Պահպանողական», «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ, «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական, «Լուսաւոր Հայաստան», «Ազատ Դեմոկրատներ», «Արդար Հայաստան», «Ազատական» եւ «Հայաստանի դեմոկրատական» կուսակցութիւններէն։

Նախարար Անդրեասեան շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն հանդիպման հրաւէրը ընդունելու ու բոլոր քաղաքական ուժերը միաւորող ամենակարեւոր հարցի՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ մէկ սեղանի շուրջ հաւաքուելու ու կառուցողական տրամաբանութեան մէջ երկխօսելու պատրաստակամութեան համար։

Քննարկման սեղանին երեք հիմնական հարց կար՝ ինչպէ՞ս վերափոխել եւ վերաիմաստաւորել սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի կազմն ու գործունէութիւնը եւ ի՞նչ ձեւաչափով առաջանալ, կառավարման ձեւի ընտրութիւն եւ դատական ատեաններու միաւորում, անոնց կարգին` բարձրագոյն ատեաններու միաւորման միջոցով Գերագոյն դատարանի ստեղծման նպատակայարմարութիւն կամ վերաքննիչ եւ վճռաբեկ ատեաններու միաւորում:

Ներկաները իրենց նախնական դիրքորոշումը յայտնած են առաջադրուած հարցերու վերաբերեալ։

Հանդիպման աւարտին նման ձեւաչափով քննարկումները շարունակելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ։

Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment