Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Առաջին Պարտութիւնը Կրեց Ֆութպոլի Աշխարհի 2022-Ի Առաջնութեան Ընտրական Մրցաշարքէն Ներս

Հայաստան Առաջին Պարտութիւնը Կրեց Ֆութպոլի Աշխարհի 2022-Ի Առաջնութեան Ընտրական Մրցաշարքէն Ներս

by MassisPost

Հայաստանի ազգային հաւաքականը առաջին պարտութիւնը կրեց ոտնագնդակի աշխարհի 2022 թուականի ընտրական մրցաշարքէն ներս՝ կիրակի Սեպտեմեր 5-ի երեկոյեան Շթութկարթի մէջ Գերմանիոյ հաւաքականէն 6 անպատասխան գնդակ ընդունելով սեփական դարպասը։

Հանդիպումը անցաւ աշխարհի քառակի ախոյեանի բացայայտ առաւելութեամբ, որ արդէն առաջին խաղակէսին յաղթած էր 4։0 հաշուով։

Այս պարտութենէն ետք Հայաստանի հաւաքականը J խումբին մէջ զիջեցաւ առաջատարի դիրքերը՝ աղիւսակը 12 միաւորով գլխաւորեց Գերմանիոյ խումբը, իսկ Հայաստանի մարզիչ՝ Խոաքին Քափառոսի սաները հինգ հանդիպումէ յետոյ երկրորդ հորիզոնական են։ Երրորդ տեղը գրաւած է Ռումանիոյ հաւաքականը, որ հինգերորդ շրջանին սեփական յարկին տակ 2։0 հաշուով առաւելութեան հասաւ Լիխտենշտայնի խումբի նկատմամբ, չորրորդը՝ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հաւաքականն է, որ Ռէյքիաւիքի մէջ ոչ-ոքի՝ 2։2 խաղցաւ Իսլանտայի հաւաքականին հետ։

Վեցերորդ շրջանին Սեպտեմբեր 8-ին Հայաստանի հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի ընդունի խումբի յետնապահին՝ Լիխտենշտայնի հաւաքականը, իսկ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ ամիս ետք՝ Հոկտեմբեր 8-ին, երբ կը հիւրընկալուի Իսլանտայի հաւաքականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment