Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանցիներու 63 Տոկոսը Գոհ է ԱԺ-ի Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն

Հայաստանցիներու 63 Տոկոսը Գոհ է ԱԺ-ի Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն

by MassisPost

Հայաստանցիներու 63 տոկոսը գոհ է Յունիսի 20-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն, 29 տոկոսը` դժգոհ, իսկ 8 տոկոսն ալ դժուարած է պատասխանելու։ Սա Միջազգային հանրապետական հիմնարկի՝ յետընտրական շրջանին՝ Յուլիսին տեղի ունեցած հարցման տուեալներն են։

Անվտանգութեան հարցերու լուծումը նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը համարած է հարցուողներու 56 տոկոսը, խորհրդարանին համար ռազմական ոլորտը առաջնահերթ համարած է քաղաքացիներու 11 տոկոսը։ Հայաստանցիները կարեւորած են նաեւ ընկերային հարցերու բարելաւումը, բանակի հզօրացումը, տնտեսական զարգացումն ու գերիներու վերադարձը։ Քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչները բնական կը համարեն, որ յետպատերազմական իրավիճակին հասարակութեան մէջ առաջնային դարձած են անվտանգութեան ու բանակին առնչուող հարցերը։
Հարցուող հայաստանցիներու գրեթէ կէսը, ըստ Միջազգային հանրապետական հիմնարկին, կը հաւատայ, որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ, կամ յոյս ունի, որ որոշ չափով աւելի լաւ պիտի ըլլայ, իսկ 29 տոկոսն ալ անապահովութեան զգացում եւ անհանգստութիւն ունի ապագայի նկատմամբ, իսկ 17 տոկոսն ալ լիակատար հիասթափուած է կամ հաւատք չունի ապագայի նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment