Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Հակադարձած Է Փաշինեանի Յայտարարութիւններուն

Պաքուն Հակադարձած Է Փաշինեանի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 30-ամեակի առթիւ հրապարակուած շնորհաւորական ուղերձին:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան պնդմամբ, Փաշինեանի յայտարարութիւնը «հիւանդ երեւակայութեան արդիւնք է»։

«Հայ պաշտօնեաները, որքան ուզեն, կրնան կեղծել պատմական փաստերն ու իրաւական նորմերը։ Անկէ, սակայն, փաստերը չեն փոխուիր։ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է, երկրի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի անբաժան մասը», – նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով․ – «Այսուհետ ատրպէյճանական տարածքներուն ներկայացուող ցանկացած պահանջ եւ անջատական միտումները հրահրելու ցանկացած փորձ վճռականօրէն պիտի կանխուին արժանանալով համարժէք պատասխանի»։

Երէկ՝ Սեպտեմբեր 3-ին Արցախի անկախութեան տօնի առթիւ իր ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սրբազան է եւ ան չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրառման միջոցով։

«Հակամարտութիւնը սպասում է իր համապարփակ կարգաւորմանը՝ խաղաղ գործընթացի միջոցով, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան կողմից առաջարկուած եւ պաշտպանուող հանրայայտ սկզբունքների հիման վրայ», – նշած է Փաշինեան՝ պնդելով, որ գործընթացի հետեւանքով պէտք է վերջնական յստակացում ստանայ Արցախի կարգավիճակը՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment