Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն որակած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Սեպտեմբեր 3-ին՝ ժամը 01:00-էն 02:15-ի ժամանակամիջոցին հայկական կողմը գնդակոծած է Շուշի տեղակայուած դիրքերէն մէկը եւ պատասխան գործողութիւններէն յետոյ, կորուստներ կրելով, ետ նահանջած։
Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները խստօրէն կը հետեւին հրադադարի պահպանման ռեժիմին եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդի սադրանքները կանխելու համար, ըսուած է հաղորդագրութեամբ: