Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ ՊՆ-ը Ապատեղեկատուութիւն Որակած Է Ատրպէյճանի Պնդումը Շուշիի Դիրքերէն Մէկը Գնդակոծելու Վերաբերեալ

ԼՂ ՊՆ-ը Ապատեղեկատուութիւն Որակած Է Ատրպէյճանի Պնդումը Շուշիի Դիրքերէն Մէկը Գնդակոծելու Վերաբերեալ

by MassisPost

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն որակած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Սեպտեմբեր 3-ին՝ ժամը 01:00-էն 02:15-ի ժամանակամիջոցին հայկական կողմը գնդակոծած է Շուշի տեղակայուած դիրքերէն մէկը եւ պատասխան գործողութիւններէն յետոյ, կորուստներ կրելով, ետ նահանջած։

Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները խստօրէն կը հետեւին հրադադարի պահպանման ռեժիմին եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդի սադրանքները կանխելու համար, ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment