Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհրաժեշտ Է Ջանքեր Գործադրել՝ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս. Միրզոյեանը՝ Թրեյսիին

Անհրաժեշտ Է Ջանքեր Գործադրել՝ ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահութեան Ծիրէն Ներս. Միրզոյեանը՝ Թրեյսիին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան այսօր՝ Օգոստոս 27-ին ընդունած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրեյսին:

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հաղորդած է, որ հանդիպման քննարկուած է «Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ձեռնարկուող սադրիչ գործողութիւնների արդիւնքում, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանաթրքական յարձակողականի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը»:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ, որ միտուած է խաղաղ գործընթացի առանցքային հարցերու, անոնց կարգին՝ Արցախի կարգավիճակի վերջնական յստակացման միջոցով ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական լուծման:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերու` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն առանց նախապայմաններու դուրս ելլելը կրնայ համապատասխան պայմաններ ստեղծել` առկայ հարցերը քննարկելու եւ հնարաւոր լուծումներ փնտռելու համար` շեշտելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամ է ջանքեր գործադրել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադառնալով նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող շարունակական աջակցութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment