Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-օրեայ Պատերազմի Զոհուածներու Թիւը 3777 Է, 243 Անձեր Կը Համարուին Կորսուած

44-օրեայ Պատերազմի Զոհուածներու Թիւը 3777 Է, 243 Անձեր Կը Համարուին Կորսուած

by MassisPost

Այս պահու դրութեամբ՝ 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներու թիւը 3 հազար 777 է՝ 3 հազար 702 զինուորական, 75 քաղաքացիական, այսօր՝ Օգոստոս 26-ի Ազգային ժողովէն ներս յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ կ’ըսէ այն թիւերը, որոնք հաստատուած են մահուան վկայականներով։

«Գտնուելու վայրն անյայտ համարուող անձանց թիւը 243։ Սա է մեր իրադրութիւնը եւ ցաւալի իրադրութիւնը, բայց սրանք են արձանագրումները», – ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով․ – «Իմ ասած նախորդ թուից փոփոխութիւն կայ, որովհետեւ ՏՆԹ նոյնականացումներ են եղել»:

Վարչապետը երկուշաբթի օր՝ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ յայտարարեց, որ 44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմէն 3 հազար 773 մարդ զոհուած է, 243-ը՝ անհետ կորած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment