Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Սպառազինութեան Մատակարարման Պայմանագիր Կնքած Է Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանը Սպառազինութեան Մատակարարման Պայմանագիր Կնքած Է Մոսկուայի Մէջ

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Արմիա-2021» ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած է ռուսաստանեան ընկերութիւններու հետ, յայտնած է Ռուսաստանի Ռազմարդիւնաբերական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն՝ Տմիթրի Շուկաեւը, առանց սակայն, մանրամասնութիւններ նշելու:

«(Պայմանագիրներ) ստորագրողներու շարքին մեր աւանդական գործընկերներն են՝ Ղազախիստանը, Հայաստանը, Պելառուսիան, Ուզպեքիստանը եւ, ի հարկէ, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Միանմարը»,- ըստ Ռիա Նովոսթիին` ըսած է Շուկաեւը։

Աւելի վաղ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»ի տնօրէն՝ Ալեքսանդր Միխէեւը լրագրողներուն հաղորդած էր, որ «Արմիա-2021»-ի ծիրէն ներս արդէն կնքուած են աւելի քան 20 գործարքներ՝ աւելի քան 2 միլիառ եւրօ արժողութեամբ։

Օգոստոս 24-ի երկոյեան, Մոսկուայի այդ ցուցահանդէսին մասնակցելէն եւ ռուսաստանեան ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելէն յետոյ ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան, թէ Հայաստանը հրաժարած է հին սպառազինութիւն ձեռք բերելէ եւ կը ծրագրէ գնել նոր եւ որակեալ սպառազինութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment