Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ Կրկին Մեղադրած Է Մինսքի Խումբի Միջնորդները

Ալիեւ Կրկին Մեղադրած Է Մինսքի Խումբի Միջնորդները

by MassisPost

Մինչ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդները` Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները միասնաբար կը յայտարարեն իրենց հովանիի ներքոյ ղարաբաղեան խնդրի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու եւ հակամարտութեան տեւական լուծումը գտնելու անհրաժեշտութեան մասին, Ատրպէյճանի նախագահը վերստին կը քննադատէ զիրենք, եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն կը մեղադրէ ղարաբաղեան վերջին պատերազմին նպաստելու մէջ:

Երէկ՝ Օգոստոս 24-ին, մասնաւորապէս, ընդունելով Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող՝ Վլատանքա Անտրէեւան, Ալիեւ պնդած է, թէ միջնորդները մօտ երեք տասնամեակ շարունակուած բանակցութիւններու ընթացքին շարք մը հնարաւորութիւններ կորսնցուցած են, եւ որու պատճառաւ, Պաքուն ստիպուած եղած է սեփական ուժերով վերականգնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու իրագործել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի (ԱԽ) կողմէ ընդունուած չորս բանաձեւերը:

«Այդ փաստաթղթերը կը պահանջէին անյապաղ ու ամբողջութեամբ դուրս հանել հայկական ուժերը մեր`միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքներէն, ինչ որ շատ կարեւոր քաղաքական ժեստ էր Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ: Սակայն, ցաւօք, այդ բանաձեւերը չիրագործուեցան: Ատրպէյճանական հասարակութեան համար առաւել դժուար էր ընկալել այն փաստը, որ ԱԽ-ի հինգ մշտական անդամներէն երեքը Մինսքի խումբի համանախագահներն էին: Իրենք ընդունած էին այդ բանաձեւերը, բայց, ցաւօք, անոնց նախագահութեան 28 տարին կորսուած հնարաւորութիւններու ժամանակաշրջան էր», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ըստ Ալիեւին՝ ինքը քանի մի անգամ խնդրած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամներէն պատժամիջոցներ սահմանել Հայաստանի նկատմամբ, սակայն՝ ապարդիւն:

«Եթէ Հայաստանի նկատմամբ ճիշդ ժամանակին պատժամիջոցներ մտցուէին, եթէ Մինսքի խումբի համանախագահները`աշխարհի երեք գերտէրութիւնները, օգտագործէին իրենց ներուժի հինգ տոկոսը, որպէսզի համոզէին կամ հարկադրէին Հայաստանը՝ դուրս հանել իր բռնագրաւող ուժերը, ապա պատերազմ չէր ըլլար: Հետեւաբար, պատերազմի համար պատասխանատուութիւնը ոչ միայն Հայաստանը կը կրէ, այլ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք չկարողացան, կամ չցանկացան հարկադրել անոնց, որ հետեւին միջազգային իրաւունքին», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւի այս յայտարարութիւնները հնչած են Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու անցեալ շաբաթ կայացած հեռախօսազրոյցէն յետոյ, որու ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Փութինն ու Մաքրոնը կրկին խօսած էին Մինսքի խումբը աշխուժացնելու եւ այդ ձեւաչափով աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին:

Անկէ քանի մը օր անց` այս շաբթուայ սկիզբը Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան՝ Լին Թրեյսին յայտարարած էր, որ ղարաբաղեան խնդիրը լուծուած չէ, քանի դեռ չէ յստակացուած կարգավիճակի հարցը:

Չնայած միջնորդներու այս պնդումներուն`Ատրպէյճանի նախագահը կը շարունակէ մնալ անդրդուելի. երէկ ան կրկնած է 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ շրջանառութեան մէջ դրած իր թէզը, թէ ղարաբաղեան խնդիրը այլեւս մնացած է անցեալին մէջ, ակնարկելով, որ ինքը խնդրի շուրջ քննարկումներ սկսելու ցանկութիւն չունի:

«Հիմա պատերազմը աւարտած է, հակամարտութիւնը լուծուած է, եղածի մասին այլեւս ըսելիք չկայ: Մենք պէտք է նայինք ապագային, եւ ներկայիս մեր գլխաւոր խնդիրն է վերականգնել քանդուած եւ ամբողջովին աւերուած տարածքները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment