Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծեծկռտուք Ազգային Ժողովէն Ներս, Փաշինեան Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

Ծեծկռտուք Ազգային Ժողովէն Ներս, Փաշինեան Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

by MassisPost

«Տարածաշրջանի ապաշրջափակումը պէտք է լինի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից մէկը»,  Օգոստոս 24-ին Ազգային ժողովէն ներս, Կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը ներկայացնելու ատեն, յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այս գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային եւ կենսական շահերուն հաշւոյն:

«Սա լրջագոյն հնարաւորութիւն է՝ ճեղքելու Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 30 տարի շարունակուող շրջափակումը: Սա պարզ գործընթաց չէ եւ սրւում է ինչ-որ միջանցքների մասին ատրպէյճանական կողմի սադրիչ յայտարարութիւններովՙ, – ըսաւ Փաշինեանը կրկին շեշտելով, որ ո՛չ Նոյեմբեր 9-ի եւ ո՛չ Յունուար 11-ի յայտարարութիւններուն մէջ, որեւէ արտայայտութիւն, յղում եւ ձեւակերպում չկայ Հայաստանի տարածքով միջանցքի ստեղծման մասին:

«Խօսքն ուրիշ բանի մասին է՝ ինչպէս Հայաստանը պիտի Ատրպէյճանի տարածքով ճանապարհ ստանայ՝ Ռուսաստանի, Իրանի հետ փոխադրային հաղորդակցութեան համար, այնպէս էլ Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով պիտի ճանապարհ ստանայ՝ իր արեւմտեան շրջանների, Նախիջեւանի հետ փոխադրային հաղորդակցութեան համար», – ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան չհերքեց, թէ հաղորդակցութիւններու բացման թեման որոշակի վտանգներ կը պարունակէ Հայաստանի շահերուն համար:

«Դրա համար կառավարութեան ծրագրում նշել ենք, որ ապաշրջափակումը պէտք է լինի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից մէկը, միաժամանակ այս գործընթացը չի կարող տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային եւ կենսական շահերի հաշուին», – ըսաւ Փաշինեանը՝ շարունակելով. – «Եթէ ուզում ենք բարենպաստ տարածաշրջանային միջավայր ձեւաւորել Հայաստանի շուրջ, պէտք է Հայաստանը բարենպաստ միջավայր դարձնենք տարածաշրջանի համար, ընդ որում փոխադարձութեան սկզբունքով՝ ոչ աւել, ոչ՝ պակաս: Սա մեր անվտանգութեան ռազմավարական մարտահրաւէրն է»:

Գործադիրի ղեկավարը նշեց, որ տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը իրենց երկարատեւ ռազմավարութիւնն է, իսկ սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ կարգաւորումը արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն պիտի ըլլայ:

«Թշնամութեան խորացումը սպառնալիք է տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար, թշնամութեան յաղթահարումը կարող է դառնալ տարածաշրջանային արտաքին քաղաքական օրակարգի առանցք», – մասնաւորապէս ըսաւ Փաշինեան:

Արտաքին քաղաքականութեան անդրադառնալով Փաշինեան նախ խօսեցաւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին՝ ընդգծելով, որ ռուս խաղաղապահները այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխիք են, եւ Հայաստանը պիտի շարունակէ ամրապնդել եւ ընդլայնել Ռուսաստանի հետ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները:

Ուշագրաւ էր Փաշինեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ ռուս խաղաղապահներու դէմ Ատրպէյճանի մէջ հուժկու հակաքարոզչութիւն կը տարուի: Ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք գերեվարուած եւ ատրպէյճանական դատարաններու կողմէ ազատազրկման դատապարտուած հայ զինուորականները գերեվարուած են, երբ տարածքը ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակն էր. «Եթէ այս փաստը համադրում ենք այն իրողութեան հետ, որ Ատրպէյճանը մինչեւ օրս չի ստորագրել խաղաղապահների մանտաթը, ակնյայտ է դառնում, որ սա խաղաղապահների, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լեռնային Ղարաբաղում կայունութեան եւ խաղաղութեան դէմ իրականացուող գործողութիւնների շարք է»:

Փաշինեան նաեւ Արեւմուտքին հետ Հայաստանի ամուր կապերու մասին խօսեցաւ. Միացեալ Նահանգներու եւ ԵՄ-ի, Ֆրանսայի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան օրինակներ թուեց: Ընդգծեց, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները բարձրացած են ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի:

3 ժամ ընթացող ելոյթով անդրադարձ կատարեց Հայաստանի զարգացման համար բոլոր ոլորտներուն մէջ ակնկալուող ծրագիրներուն՝ կրթութիւն, մշակոյթ, տնտեսութիւն եւ մարզանք:

Ընդդիմադիր պատգամաւորներու հարցերը, սակայն, անվտանգութեան խնդիրներուն կ’առնչուէին: Անոնց մեծ մասը, այդուհանդերձ ոչ թէ ապագայի, այլ անցեալի կորուստներու մասին էր:

Իրարանցում սկսաւ ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Աննա Մկրտչեանի՝ Փաշինեանին ուղղած վիրաւորանքներով ու հեգնանքով համեմուած հարցի պատճառով : ԱԺ-ի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան որոշեց դուրս հրաւիրել Մկրտչեանը նիստերու դահլիճէն, իսկ անվտանգութեան աշխատակիցներու դահլիճ մուտք գործելէն յետոյ ծեծկռտուք սկսաւ: Միայն 20 րոպէ ընդմիջումէ ետք համեմատաբար խաղաղ պայմաններով նիստը շարունակուեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment