Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Չարչեանը Կրկին Կալանաւորուեցաւ. Ընդդիմադիրները Որոշումը Քաղաքական ու Ապօրինի կը Համարեն

Արմէն Չարչեանը Կրկին Կալանաւորուեցաւ. Ընդդիմադիրները Որոշումը Քաղաքական ու Ապօրինի կը Համարեն

by MassisPost

Այսօր՝ Օգոստոս 23-ի առաւօտեան Վերաքննիչ դատարանի կայացուցած կալանաւորման որոշումէն յետոյ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, բժիշկ Արմէն Չարչեան երեկոյեան ինքնակամ ներկայացաւ «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկ։

«Ես վստահ եւ համոզուած եմ, որ ի վերջոյ արդարադատութիւն, արդարագիտութիւնը յաղթելու են», – ըսած է ան:

Դատախազութիւնը բողոքարկած էր մօտ մէկ ամիս առաջ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի կայացուցած որոշումը, որու հետեւանքով մօտ մէկ ամիս կալանաւորուած բժիշկը ազատ արձակուած էր չհեռանալու մասին ստորագրութեան եւ 15 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց։

Դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանի կայացուցած որոշումը յարուցեց մեղադրեալ Չարչեանին ու անոր պաշտպանին զայրոյթը։

Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքով պատգամաւորի մանտաթ ստանալէն առաջ Չարչեանին մեղադրանք առաջադրուեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր աշխատակիցներուն քուէարկութեան մասնակցելու հարկադրելուն համար։ 61-ամեայ Չարչեանն այդ ժամանակ կը ղեկավարէր Մայր Աթոռին պատկանող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը եւ միայն քրէական գործի յարուցումէն յետոյ հրաժարեցաւ այդ պաշտօնէն։

Դատական նիստէն յետոյ Չարչեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին զինք կալանաւորելու որոշումը քաղաքական որակեց. «Այստեղ գերակշռեց ոչ թէ իրաւաբանութիւնը, այստեղ իրաւաբանութիւնը ոտնակոխ արուեց, զոհ տրուեց իրաւաբանութիւնը քաղաքացիական փառամոլութիւններին, ինչ-որ մարդկանց ցանկութիւններին», – ըսած է Չարչեան:

Չարչեան յիշեցուցած է անձեռնմխելիութեան` պատգամաւորական մանտաթի առկայութիւնը

Պատգամաւորի մանտաթը ստանալէն ետք անձեռնմխելիութիւն ունեցող Չարչեան պնդած է, որ չի կրնար կալանաւորուիլ. « Ես Ազգային ժողովի պատգամաւոր եմ, իրավիճակ է փոխուել` այն ժամանակ, եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն արտօնել էր, որ ինձ կալանաւորեն, հիմա այս պահին ես արդէն պատգամաւորական մանտաթը վերցրել եմ, պատգամաւոր եմ»:

Մեղադրանքի կողմը պնդած է, որ պատգամաւորական անձեռնմխելիութեամբ օժտուած Չարչեանը ազատութենէն զրկելու համար դատախազութիւնը պէտք է դիմէ խորհրդարան, հակառակ պարագային քրէակատարողական հիմնարկը յանցագործութիւն կատարած կ’ըլլայ, ընդունելով անձեռնմխելի համարուող պատգամաւորը։

Մինչդեռ «Ազատութիւն»ին գլխաւոր դատախազութենէն հաղորդեցին, որ Չարչեանին մեղադրանք առաջադրուած է, երբ ան պատգամաւոր չէր, հետեւաբար չունէր անձեռնմխելիութիւն։ Երկու ամիս առաջ պատգամաւորութեան թեկնածուին մեղադրեալ ներգրաւելու եւ կալանաւորելէն առաջ դատախազութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն թոյլտուութիւն ստացած է, ինչ որ բաւարար է։ Խորհրդարան դիմելու կարիք չկայ, Վերաքննիչ դատարանէն ներս Չարչեանին կրկին կալանաւորելու հարցը քննելու ատեն ըսած էր մեղադրող դատախազ՝ Ազատ Մարգարեան։ Ան յայտարարած էր, որ թէեւ բժիշկ Չարչեան այլեւս չի ղեկավարեր հիւանդանոցը, բայց կայ վտանգ, որ մեծ հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսորը ազատութեան մէջ ազդէ գործով անցնողներուն վրայ, եւ ո՛չ գրաւը, ո՛չ ալ ստորագրութիւնը չեն կրնար զսպել անոր ազդեցութիւնը գործի քննութեան վրայ:

Իր հերթին մեղադրեալը դատարանէն ներս նկատել տուած էր, որ որեւէ հարկադրանքի եւ պարտադրանքի մեքենականութիւն այլեւս չունի։

Ռոպերթ Քոչարեան մասնակցած է իր առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքի նիստին, ուր քննարկուած է նաեւ Չարչեանի հարցը, այսօրուայ ասուլիսին յայտարարեցին ընդդիմադիր պատգամաւորները։ Դաշինքի պատգամաւոր, Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան գերագոյն մարմնի անդամ՝ Արծուիկ Մինասեանն ու միւսները ապօրինի որակեցին Չարչեանի, նաեւ միւս ընդդիմադիր պատգամաւորներու նկատմամբ քրէական հետապնդումները։ Յայտարարեցին, որ իշխանութիւնը ասով կը փորձէ խոչընդոտել իրենց գործունէութիւնը. «Այս իշխանութիւնը Հայաստանը պարտութեան տարած, դաւադիր պատերազմի մէջ ներքաշած, այսքան կորուստներ բերած եւ ըստ էութեան օտարի օրակարգը սպասարկող իշխանութիւնը հետեւողականօրէն պայքար է մղում հայրենիքի պաշտպանների նկատմամբ»:

«Ազատութիւն»ի դիտարկման, թէ արդեօ՞ք Չարչեանի հնչեցուցած արտայայտութիւնները հարկադրանք չէին ստորադասներուն նկատմամբ՝ մասնակցելու քուէարկութեան, երբ նաեւ բժիշկը ընդգծած է, որ իր խօսքը չկատարողները կոշտ վերաբերմունքի կ’արժանանան, Չարչեանի քրէական հետապնդումը ապօրինի որակող պատգամաւոր՝ Արթուր Ղազինեան նկատեց. «Մենք չենք խօսում` տուեալ անձը մեղաւոր է, թէ անմեղ, խօսքն այս պահին բացառապէս վերաբերում է կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելուն»:

«Ազատութիւն»ի դիտարկման, որ դատախազութիւնը, թերեւս, խորհրդարանէն ներս կը կարողանայ հասնիլ իրենց գործընկերոջը ազատութենէն զրկելուն, քանի որ անձեռնմխելութեան վերաբերող որոշումը ընդունուած է ձայներու մեծամասնութեամբ, ընդդիմադիրները արձագանքեցին, որ գլխաւոր դատախազի համար դժուար է խորհրդարանի ամպիոնէն ապացոյցներ ներկայացնել։ Արթուր Ղազինեանի կարծքիով՝ դատախազը կը վախնայ գալ խորհրդարան. «Կը վախենայ խայտառակուելուց, որովհետեւ ստիպուած կը լինի բացել հանգամանքներ, որտեղ ինքը ուղղակի կ’ապացուցի, որ այս քրէական գործն ունի բացառապէս քաղաքական դրդապատճառ, բովանդազուրկ է եւ նպատակ ունի վախի մթնոլորտ սփռել ողջ հանրապետութիւնում»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment