Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որեւէ Երկրի Զէնք Վաճառելը ՌԴ-ի Իրաւունքն Է. Զախարովա

Որեւէ Երկրի Զէնք Վաճառելը ՌԴ-ի Իրաւունքն Է. Զախարովա

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան, պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի Հայաստանը չզինելու կոչին, այսօր՝ Օգոստոս 19-ին յայտարարած է, թէ այս կամ այն երկրին զէնք վաճառելը Ռուսաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ բացի այդ, Ռուսաստանը միշտ հաշուի կ’առնէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանին մէջ։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան նաեւ ըսած է, թէ ռազմատենչ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր իրավիճակի կարգաւորման, եւ որ Մոսկուայի անվերապահ առաջնահերթութիւնը Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ ընթացիկ տարուայ Յունուար 11-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործումն է: Յարձակողական հռետորաբանութիւնը այս նպատակը չի մօտեցներ, ըսած է Զախարովան` առանց նշելու, թէ որու յայտարարութիւններու մասին է խօսքը, թէեւ հարցումին մէջ, որուն Զախարովան պատասխանած է, մեջբերուած էր  քանի մը օր առաջ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնը։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչը շեշտած է, թէ Պաքուի եւ Երեւանի հետ հաղորդակցութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին, բանակցութիւնները միշտ կը կատարուին, մեծամասնութեամբ ոչ հրապարակաւ, քանի որ քննարկուող հարցերը զգայուն են. «Պարզապէս այդ կրնայ իսկապէս խանգարել կայուն արդիւնքի հասնելուն։ Եւ այդ կապակցութեամբ կ’ուզէի նշել Անդրկովկասի երկիրներու քաղաքական գործիչներու առճակատման կամ առաւել եւս ռազմատենչ հռետորաբանութեան բացարձակ անարդիւնաւէտ ըլլալը: Անիկա կը հարուածէ անմիջապէս, ցաւօք, մէկ կէտի եւ վնաս կը հասցնէ գլխաւորապէս կայուն արդիւնքի հասնելուն»։

Զախարովան գոհունակութեամբ նշած է նաեւ, որ եռակողմ աշխատանքային խումբը Օգոստոս 17-ին վերսկսած է իր աշխատանքները եւ արդէն անցած է քննարկումներու։

Ան կրկին անգամ  կողմերուն կոչ ըրած է հնարաւորինս արագ սկսելու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները։ Զախարովայի խօսքով` իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին սրուած է երկու կողմերու միջեւ վստահութեան անգոյութեան պատճառով, եւ սահմանազատման մեկնարկը կրնայ օգնել կողմերուն այս հարցով։ Իսկ Ռուսաստանը, ինչպէս բազմիցս յայտարարուած է, պատրաստ է խորհրդակցական աջակցութիւն ցուցաբերել այս հարցով:

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան պաշտօնական ներակայացուցիչը ինչպէս միշտ շեշտած է նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու արդիւնաւէտ աշխատանքի շնորհիւ իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական շփման գօտիէն ներս, այդուամենայնիւ, կը մնայ համեմատաբար հանգիստ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment