Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կանխած Է Շփման Գիծը Հատելու՝ Ատրպէյճանի Փորձը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կանխած Է Շփման Գիծը Հատելու՝ Ատրպէյճանի Փորձը

by MassisPost

Օգոստոս 12-ի գիշերը Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները Արցախի արեւմտեան հատուածին մէջ փորձած են հատել արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծը, յայտնած է Արցախի ռազմական գերատեսչութիւնը։

«Պաշտպանութեան բանակի հակազդող գործողութիւնների արդիւնքում փորձը կանխուել է, հակառակորդը ետ է շպրտուել ելման դիրքեր։ Հայկական կողմից կորուստներ չկան», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Պաշտպանութեան բանակը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմի սադրանքի մասին անյապաղ տեղեկացուել է Արցախի խաղաղապահ առաքելութիւն իրագործող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ երէկ Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ ատրպէյճանական զինուժը Արցախի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր Շոշ-Մխիթարաշէն հատուածի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի ռեժիմը խախտելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment