Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Առաջին Նիստը

Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Առաջին Նիստը

by MassisPost

Բանալով խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն յետոյ ձեւաւորուած նոր կառավարութեան առաջին նիստը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Օգոստոս 6-ին յայտարարեց, թէ առաջիկայ օրերուն պիտի զբաղին կառավարութեան ծրագրի եւ անոր իրագործման գործողութիւններու ցանկի հաստատմամբ։

Տասնհինգ անդամէ՝ վարչապետէն, երկու փոխվարչապետներէն եւ տասներկու նախարարէ բաղկացած Հայաստանի նոր կառավարութեան մէջ թափուր է միայն արտաքին գործոց նախարարի աթոռը։ Դեռ Յուլիսի 14-ին արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեանը, ըստ մամուլին, նախարարի ամէնէն հաւանական թեկնածուն է, թէեւ տակաւին պարզ չէ, թէ ինչո՞ւ կ’ուշանայ անվտանգութեան բազմաթիւ խնդիրներ ունեցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի նշանակումը։

Պակաս ուշագրաւ չէ այն փաստը, որ նոր կառավարութեան մեծամասնութիւնը՝ ինը հոգին, արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ չեն։ Դարձեալ, թէ ինչո՞ւ վարչապետ Փաշինեանը որոշած է կառավարութեան մեծամասնութիւնը վստահիլ ոչ ՔՊ-ական քատրերու, պարզ չէ։

«Մեր ծրագիրը, բնականաբար, պէտք է յենուած լինի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրի, մինչեւ 2050 թուականը Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում ժողովրդի հետ երկխօսութեան ընթացքում ձեւաւորուած նախընտրական խոստումների վրայ», – ըսաւ Փաշինեանը:

Վարչապետը ընդգծեց, թէ կառավարութեան ծրագիրի համար հիմք  կը հանդիսանայ ոչ միայն «Քաղաքացիական պայմանագրի» նախընտրական ծրագիրը, այլ նաեւ այն ըմբռնումը, որ ձեւաւորուած է նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիներու հետ երկխօսութեամբ ։

«Այս առումով մեզ կարեւոր աշխատանք է սպասւում, ի հարկէ, առաջիկայում պիտի կեդրոնանանք այդ խնդրի լուծման վրայ ու եւ՛ պաշտօնական, եւ՛ ոչ պաշտօնական պայմաններում պիտի մի քանի քննարկումներ ունենանք, որպէսզի մինչեւ Օգոստոսի 23-ը ժամանակ ունենք այն ներկայացնելու Ազգային ժողով, եւ առաջիկայում սա մեզ համար պիտի լինի առաջնահերթութիւն», – ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Կառավարութեան նոր անդամներէն է՝ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար, 1992-1996 թուականներու Երեւանի քաղաքապետ, ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրէսի նախկին անդամ՝ Վահագն Խաչատուրեանը։

«Ուղղակի ընդունէք, որ ամենակարեւոր նախարարութիւնն է եղել միշտ էլ, կարող է շատերը չեն գիտակցել, բայց կառավարութեան բարեփոխումների ամբողջ տրամաբանութեան մէջ այս նախարարութեան դերը շատ մեծ է: Ես ի նկատի ունեմ, նոր վարչապետն էլ ներկայացման ժամանակ խօսեց, Հայաստանի ճարտարարուեստականացումը կամ արդիւնաբերացման խնդիրը, որ դրուած է կառավարութեան ծրագրերում, ըստ էութեան, նախարարութեան հիմնական գործունէութիւնը ուղղուած է լինելու դրան», – ըսաւ Խաչատուրեանը:

Նիկոլ Փաշինեանի նոր կառավարութեան Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը գլխաւորէ 2011-2016 թուականներու մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Կարէն Անդրեասեանը, որ կառավարութեան այսօրուայ նիստէն յետոյ լրագրողներուն ըսաւ,- «Ե՛ւ զտման, եւ՛ քրէակատարողական հիմնարկներում մեծ բարեփոխումների արդէն որոշակի քայլեր են արուած»։

«Նախատեսում եմ հանդիպումներ Բարձրագոյն դատական խորհրդի, Դատախազութեան, Քննչական կոմիտէի, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, որովհետեւ այս բոլոր մարմինների հետ համատեղ է միայն հնարաւոր իրականացնել այն դատաիրաւական բարեփոխումները, որոնց մեր հասարակութիւնը այդպէս սպասում է: Նաեւ ուզում եմ յատուկ կարեւորել, որ ես նախատեսում եմ իմ բոլոր որոշումները, յատկապէս համակարգային վերափոխումների, բարեփոխումներ անցկացնել մեր հասարակական կազմակերպութիւնների գործընկերների հետ ուժգին քննարկումների եւ համաձայնութեան միջոցով: Այսինքն՝ յուսով եմ իմ քննարկումները շուտով կու տան ձեր պատասխանները՝ ինչպէ՞ս է լինելու այդ զտումը, բայց որ քոռումփացուած, կաշառակեր, անարդար դատաւորները եւ համակարգի այլ մարդիկ պէտք է զտուեն եւ դուրս մղուեն համակարգից, դա ինձ համար միանշանակ է, միանշանակն է նաեւ մեր կառավարութեան համար», – ընդգծեց Անդրեասեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment