Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ժողովրդի Պահանջն Է, Որ Յանցագործները Պատժուին. Կարէն Անդրեասեան

Ժողովրդի Պահանջն Է, Որ Յանցագործները Պատժուին. Կարէն Անդրեասեան

by MassisPost

Արդարադատութեան նորանշանակ նախարար՝ Կարէն Անդրեասեան լրագրողներուն հաւատալ տուաւ, որ կրնայ պատմել, թէ ինչ ըրած են նախկինները՝ իրաւական եւ ոչ իրաւական ուղղութիւններով, բայց չի ցանկար խօսիլ անցեալի մասին։ Առաջարկած է, որ նախկիններու մասին խօսելու փոխարէն կեդրոնանալ ապագային վրայ։ Հիմա կը ցանկայ տեսնել յստակ իրաւական գործողութիւններ՝ բոլոր յանցագործներուն իրաւունքի սահմաններուն մէջ պատժելու ուղղութեամբ։

Ինչ կը վերաբերի քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի խոստացած «Վրէժներ լինելու են» հարցին, Անդրեասեան նշեց՝ թէ ժողովուրդի պահանջն է, որ յանցագործները պատժուին։

«Յանցագործների, բոլոր իրաւախախտների հանդէպ խիստ վերաբերմունք եւ օրէնքի պատասխանատու, պատժիչ արձագանք սպասւում է, դա խոստացուել է, դա ժողովրդի հենց պահանջն է, ես իմ կարողութիւնները ներդնելու եմ հենց յանցագործների եւ ապօրինութիւնների դէմ պայքարին»,- ըսաւ Անդրեասեանը։

Լրագրողները խնդրեցին արդարադատութեան նախարարէն իրաւական գնահատական ու մեկնաբանութիւն տայ քարոզարշաւի ընթացքին Փաշինեանի «մուրճ ճօճելուն»։

«Քաղաքական բանավէճի մեջ կարող են լինել այլաբանութիւններ, խորհրդանշաններ, որոշակի նոյնիսկ՝ չափազանցութիւններ»,- ըսաւ նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment