Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարցադրումներ Մեր Ընելիքի Մասին

Հարցադրումներ Մեր Ընելիքի Մասին

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր «Ճակատագրական ամիսներ» յօդուածին անդրադառնալով, կարգ մը բարեկամներ շատ տեղին գտնելով մեր վերլուծումները, խնդրեցին որ փակագիծերը քիչ մը աւելի լայն բանանք: նաեւ հարց տուին, թէ ի՞նչ երաշխաւորութիւն ունինք, որ ՀՀ այսօրուան իշխանութիւնը պիտի կարենայ ճիշդ կողմնորոշուիլ, միեւնոյն ժամանակ յստակեցնելով, որ Քոչարեանականներուն մասիլ խօսիլը լոկ ժամանակի վատնում է:

Սկսինք երկրորդ կէտէն ու կարճ պատասխանենք: Ո՛չ մէկ երաշխիք ունինք: Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք անցնող 30 տարիներու ընթացքին մեր գրած աւելի քան 300 յօդուածներուն վրայ, յաճախակիօրէն կը հանդիպինք պարագաներու, ուր ժամանակը փաստած է մեր տեսութիւններուն եւ առաջարկներուն իրաւացիութիւնը, բայց գործնական գետնի վրայ առնուած քայլերուն սխալականութիւնը: Ինչո՞ւ այդպէս պատահած է: Որովհետեւ անձնական եւ հատուածական նեղ շահերը գերադասուած են ազգային շահերէն: Երբ այդ է մեկնակէտը, հետեւաբար երաշխիք չկրնար գոյութիւն ունենալ: Ուրիշ բացատրութիւն չունինք:

Մեր բոլոր յօդուածներուն մեկնակէտը միշտ ալ եղած է փաստացի տուեալներու հիման վրայ անշահախնդրօրէն վերլուծել պարագաները եւ ըստ այնմ ներկայացնել մեր մտքերը, միշտ նպատակակէտ ունենալով մեր ազգային գերագոյն շահերու հետապնդումը: Մենք միշտ գերադաս համարած ենք անձէն անդին կեդրոնանալ անոր խօսքին ու գործին վրայ: Այդ մասին յօդուած մըն ալ հրատարակած ենք «Մասիս»ի 19 նոյեմբեր 1994-ի համարով, «Ո՞վ ըսաւ, թէ՞… ի՞նչ ըսաւ» խորագրով: Հոն կ’առաջարկէինք հարցերուն մօտենալ ոչ թէ նախապաշարուած, այլ վերլուծական մտքով: Միայն այդպիսի մօտեցում որդեգրելով է, որ կրնանք յաջողիլ առարկայականօրէն քննարկել դէպքերն ու գաղափարները եւ չտարուիլ իյնալ անձնական նախասիրութեանց զգացմունքային գայթակղութեանց մէջ: Այդպիսով մեր ուղին աւելի հիմնաւոր ու հաստատ կ’ըլլայ եւ կը խուսափինք նոյն տուեալին մասին տարբեր ժամանակներու մէջ հակասական դիրքորոշում որդեգրելէ եւ մեր ուժերը վատնելէ:

Անցնինք փակագիծերը աւելի լայն բանալու բաժնին: Ազգովին կը գիտակցինք, որ անհատական գետնի վրայ հայը կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ, սակայն հաւաքական գետնի վրայ մնացած է «փոքր ածու»:  Հակառակ այս գիտակցութեան, որ լաւագոյնս պարփակուած է Չարենցեան պատգամով՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», ուրեմն ինչո՞ւ ձախողած ենք այդ գիտակցութիւնը վերածել մշակոյթի, մտածելակերպի ու գործելակերպի եւ հասցնել այդ պատգամով առաջնորդուող ղեկավարներ ու սերունդներ: Ինչո՞ւ համար կարելի չ’ըլլար նոյնիսկ միեւնոյն գաղափարը հետապնդողները համախմբել միասնական ծրագրի մը շուրջ ու հաւաքաբար իրականացնել այդ,  փոխանակ անջատաբար հետապնդելու այդ ծրագրի իրականացումը: Ինչո՞ւ համար ընդդիմադիրը կը քննադատէ իշխանութեան մէկ դիրքորոշումը, բայց երբ կը հասնի իշխանութեան, կը վարուի նախկինին նման: Ինչո՞ւ տակաւին մեր մէջ գերիշխող է տոհմային-հատուածական մտածելակերպը, փոխան՝ ազգայինի:

Համաշխարհային Նոր համակարգը եւ Մենք

Այսօրուան հրատապ հարցը, նոր ձեւաւորուող համաշխարհային համակարգին մէջ մեր որդեգրելիք արեւելումն է: Ո՞րն է շահաւէտ մեր ազգի համար: Շարունակել մնա՞լ Ռուսական ազդեցութեան տակ, թէ՞ բացուիլ Արեւմուտքին: Այս հարցն է, որ պէտք է հրապարակաւ անաչառօրէն քննարկուի, առանց պիտակաւորումներու: Դժբախտութիւնը հոն է, որ երբ տակաւին մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան վրայ կը վիճինք եւ իրար «միս կ’ուտենք», ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կարենանք գալիքին մասին համաձայնութեան մը հասնիլ: Սակայն եւ այնպէս, եթէ մեր տեղը պիտի ունենանք նոր ձեւաւորուող համաշխարհային համակարգին մէջ, ապա ստիպողաբար պէտք է ձերբազատուինք տոհմային մտածողութիւնէ եւ որդեգրելով «հաւաքական ուժ»ի մտածելակերպը, պարտինք անշահախնդրօրէն վերլուծել մեր առջեւ ծառացող խնդիրները եւ քննարկել լուծումներու եղանակները, միշտ գերադաս համարելով մեր ազգային գերագոյն շահը:

Յստակ է, որ Պերլինի պատի քանդումով եւ Սովետական Միութեան փլուզումով, երկբեւեռ համաշխարհային համակարգը կարճ ատենուան  համար դարձաւ միաբեւեռ ու վերադառնալու վրայ է երկբեւեռի՝ ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութեամբ: Այս վերջինը, գիտակցելով իր ազդեցութեան տարածման մէջ տնտեսութեան, համաշխարհային առեւտուրի եւ գիտութեան խաղացած էական դերին, շատ աւելի լուրջ մրցակից մը պիտի հանդիսանայ ԱՄՆ-ի համար, քան՝ Սովետ Միութիւնը: Անջրպետը առաջինը նուաճողը շատ ետ ինկած է Հրատ (Mars) մոլորակը նուաճող զոյգէն: Ու մինչեւ այս նոր երկբեւեռի հաստատումը, մենք ականատես կ’ըլլանք բազմաբեւեռ մրցակցութեան, ուր մեզի համար յատկապէս կարեւոր է տեսնել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) բռնելիք ուղղութիւնները եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Այս մրցակցութեան մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է նաեւ տուեալ երկրի որդեգրած վարչաձեւին: Մինչ ԱՄՆ եւ ԵՄ կը կարեւորեն ժողովրդավարութեան տարածումը եւ կը նպաստեն այդպիսի վարչաձեւի երկիրներուն, միւսները մենատիրական վարչաձեւ ունին եւ կը նախընտրեն իրենց շուրջ տեսնել նմանատիպ երկիրներ: Երբ մենատիրական վարչաձեւ ունեցող երկիրներու մէջ ականատես կ’ըլլանք ժողովրդային անհանգստութեանց եւ պոռթկումներու, որքանո՞վ իրատեսական կը դառնայ որդեգրել այդպիսի վարչաձեւ: Լուրջ հարց մըն է, որ պէտք է քննարկուի հրապարակաւ, հիմնուելով փաստացի տուեալներու վրայ եւ ոչ թէ ցեխարձակումներու կամ դաւաճանական պիտակաւորումներու:

Թուրքիա-ԵՄ Գործօնը

Ականատես ենք, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը անկման մէջ է եւ թէ՛ ԱՄՆ ու թէ՛ ԵՄ անոր դէմ պատժամիջոցներու կը դիմեն, որոնց շարքին կ’իյնայ նախագահ Պայտընի կողմէ Հայերու Ցեղասպանութեան ճանաչումը (ինչպէս նաեւ այսօր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան ընդունած առաջարկը՝ դադրեցնելու Ազրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնները): Ականատես ենք նաեւ, որ Թուրքիոյ արտադրութեան 55 տոկոսը կ’երթայ ԵՄ եւ ներդրումներու 73 տոկոսը կու գայ հոնկէ, որ ցոյց կու տայ ԵՄ-ի ազդեցութեան աստիճանը Թուրքիոյ վրայ:  Ուրեմն, երբ ԵՄ մօտ 3 միլիարդ տոլարի յատկացումներ կը ծրագրէ Հայաստանի համար, որքանո՞վ տեղին է այդ նկատել «Հայաստանի վաճառք» եւ բողոքել անոր դէմ, փոխանակ ընդունելու եւ ԵՄ-ի միջոցաւ Թուրքիոյ նկրտումներուն դէմ պատնէշ մըն ալ աւելցնելու: Ականատես ենք նաեւ, որ «Զանգեզուրի Միջանցքով», այսինքն՝ Հայաստանի վրայով Թուրքիա կ’ուզէ օր առաջ կապուիլ Ազրպէյճանի հետ ու հասնիլ Միջին Ասիա: Ինչո՞ւ համար այդ վտանգին չհակադրուիլ Իրան-Հայաստան-Վրաստան «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի կառուցմամբ, որ հարաւէն մեզի կը կապէ Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի հետ, իսկ հիւսիսէն՝ Վրաստանի եւ Եւրոպայի:

Հարիւրամեակ մը առաջ, նմանօրինակ իրավիճակէ անցանք, երբ Օսմանեան Թուրքիան օր առաջ կը փորձէր հասնիլ Պաքուի նաւթահորերուն: Սարդարապատով ուշացուցինք այդ երթը, որ նախ կասեցուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտով, իսկ երկու տարի ետք ալ Հայաստանի խորհրդայնացումով:

Ռուսիա-ԵՄ Գործօնը

Միւս, այսինքն Ռուսական արեւելումի անկիւնէն երբ դիտենք պատկերը, հարց կը ծագի, որ որքանով նպաստաւոր է այդ մէկը երբ աչքի առջեւ կ’ունենանք հետեւեալ գլխաւոր դէպքերը: Հակառակ Ռուսիոյ հետ մեր կնքած ռազմավարական դաշինքին, ինչո՞ւ համար Ռուսիան Հոկտեմբեր 27-ով գլխատեց մեր պետականութիւնը: Ինչո՞ւ համար իր գործիք Քոչարեանի միջոցաւ $100 միլիոնի «գոյք պատքի դիմաց» գործարքով մեզ զրկեց մեր ինքնիշխանութեան համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութիւններէ: Ինչո՞ւ համար արգիլեց մեզի գործընկերութիւն ընել ԵՄ-ի հետ եւ փոխարէնը ստիպեց միանալ ԵԱՏՄ-ի, թելադրելով, որ նախընտրելի է ունենալ իր (ՀԱՊԿ-ի) պաշտպանութեան տակ անվտանգութիւն, քան՝ բացուիլ Արեւմուտքին: Ինչո՞ւ համար տակաւին պէտք է ապաւինինք ՀԱՊԿ-ին երբ ան չապահովեց մեր անվտանգութիւնը եւ տակաւին չապահովէր Ազրպէյճանի նախայարձակումները Հայաստանի վրայ ու ռազմագերիներու ազատ արձակումը:

Ասոնք ցոյց կու տան, որ Ռուսիան կամ անկարող է դիմակայելու Թուրք-Ազերի ճնշումներուն եւ կամ ալ որպէս մանրադրամ կ’օգտագործէ Հայաստանը սիրաշահելու մեր թշնամիները: Երկու պարագաներուն ալ, իրավիճակը կը ստիպէ մեզի որոնել հակակշիռներ, որոնցմէ լաւագոյնը Ֆրանսայի առաջնորդութեամբ ԵՄ-ի հետ գործընկերութիւն ընելն է: Չմոռնանք, որ Ֆրանսան ու ԵՄ-ն ալ ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութեան ազդեցութեան տակ նոր ձեւաւորուող համաշխարհային համակարգին մէջ կ’ուզեն ապահովել իրենց ինքնիշխանութիւնը: Ըստ երեւոյթին, Ռուսիան  ալ կը միտի նոյնը ընել, մերձենալով Թուրքիոյ, որ չհամընկնիր մեր ազգային շահերուն: Ու հարիւրամեակ մը ետք, անգամի մը համար եւս մենք կը յայտնուինք Ռուս-Թուրք «մուրճի եւ սալի միջեւ»:

Քարիւղի Գործօնը

Յստակ է, որ համաշխարհային նոր համակարգին մէջ քարիւղը պիտի չխաղայ այն կարեւոր դերը, որ խաղաց 20րդ դարուն: Այս իրականութիւնը կը ստիպէ ԱՄՆ-ին ու Չինաստանին ըստ այնմ հաշուարկելու իրենց յարաբերութիւնները: Ուրեմն պիտի նուազի կարեւորութիւնը այն երկիրներուն, որոնց գլխաւոր եկամուտը կը ստացուի քարիւղէն: Ասոնց կարգին են մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Ազրպէյճանը եւ Իրանը, ու մանաւանդ՝ Ռուսիան: Այս պատճառով Ազրպէյճան պիտի փորձէ օր առաջ առաւելագոյն օգուտը քաղել մեր հաշուոյն:

Այս բոլորէն կը հետեւցնենք, որ մեզի համար նպաստաւոր չէ ամբողջովին ենթարկուիլ տնտեսական եւ տեղեկատուական արուեստագիտութեան մարզերու մէջ նահանջող Ռուսիային եւ ժամանակն է անոր ազդեցութիւնը հաւասարակշռել ԵՄ-ի հետ մեր կապերու զօրացումով: Շատ հաւանական կը նկատենք, որ Ռուսական ճնշման տակ Քոչարեան բանտէն հանուեցաւ, մասնակցելու արտահերթ ընտրութեանց, այն ակնկալութեամբ, որ ան կրնայ վերադառնալ իշխանութեան եւ դարձեալ որպէս գործիք ծառայել Ռուսիոյ: Ընտրութեանց արդիւնքը փաստեց, որ ան մերժուած է Հայաստանի քաղաքացիներու մեծամասնութեան կողմէ ու շարունակել թիկունք կանգնիլ անոր, կը նշանակէ հակադրուիլ հայ ժողովուրդին, իր բոլոր հետեւանքներով:

ԵՄ-ԵԱՀԿ Գործօնը  

Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութիւնը ընդհանուր առմամբ նուաստացուցիչ նկատուած է Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն կողմէ: Լաւագոյն տարբերակը մեղմելու այդ նուաստացումը, ԵՄ-ԵԱՀԿ հովանիին տակ անոր վերատեսութիւնն է: ԵԱՀԿ-ի համանախագահներ Ֆրանսան եւ ԱՄՆ-ը այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւններ կ’ընեն եւ գործնական քայլեր կ’առաջարկեն: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա դէմ են: Մեզի համար նպաստաւոր է ԵԱՀԿ հովանիին տակ բանակցութիւններու վերսկսումը, որ նոյնիսկ կրնայ նպաստել Ռուսիա-ԵՄ յարաբերութեանց բարելաւման: Ուրեմն, ի՞նչ կ’արգիլէ մեզ լիարժէք ընդառաջելու այդ նախաձեռնութեանց:

Այս բոլորի լոյսին տակ, ինչպէ՞ս պիտի կողմնորոշուի Փաշինեանի նոր կառավարութիւնը: Արդեօ՞ք ան պիտի յաջողի իր այս երկրորդ առաքելութեան մէջ: Այս վիճակէն ազգօգուտ ելքը կը կայանայ ոչ թէ փոխադարձ պարսաւանքներով զիրար մեղադրելու, այլ «հաւաքական ուժ»ով լուծումներու որոնման մէջ: Այս առնչութեամբ յուսադրիչ կը գտնենք Էտուարտօ Էօրնէքեանի, Ջիւան Չելօեանցի, Ռուբէն Վարդանեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ այլոց նախաձեռնութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment