Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եզիտի Աքթիվիսթի Իրաւունքները Խախտուած Ըլլալու Մասին Պնդումները Անհիմն Են. Դատախազութիւն

Եզիտի Աքթիվիսթի Իրաւունքները Խախտուած Ըլլալու Մասին Պնդումները Անհիմն Են. Դատախազութիւն

by MassisPost

«Եզիտի իրաւապաշտպան Սաշիկ Սուլթանեանի արդար դատաքննութեան եւ դատական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցների իրաւունքները խախտուած լինելու մասին պնդումները հիմնաւոր չեն»: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի դատախազութիւնը «Մարդու իրաւունքներու Եզիտիական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահի նկատմամբ իրագործուող քրէական հետապնդման մասին այսօր՝ Օգոստոս 5-ին տարածած պարզաբանման մէջ:

Նշելով, որ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ հրապարակային յայտարարութիւններ կ’ընեն Սաշիկ Սուլթանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդման անհիմն ըլլալու, այդ կերպով Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու կամ իրաւապաշտպան գործունէութիւնը միջամտելու վերաբերեալ, Դատախազութիւնը վստահեցուցած է, որ անոնք հիմնուած են միայն քրէական գործի յարուցման պատճառ հանդիսացող յայտարարութիւններէն «խիստ հատուածական, ընտրողաբար եւ մտքի ամբողջականութիւնը խեղաթիւրող մեջբերումներով Սաշիկ Սուլթանեանի ըրած մեկնաբանութիւնների վրայ»:

Ապա Դատախազութիւնը նշած է, թէ Ս. Սուլթանեանը 2020-ի Մայիսին Իրաքի Հանրապետութեան մէջ գործող «yezidinews.com» կայքին տուած հարցազրոյցի ատեն իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ յայտնած է այն մասին, որ ՀՀ –ի մէջ Եզիտիներու իրաւունքները պաշտպանուած չեն, հայերու կողմէ Եզիտիները կ’ընդունուին որպէս յետամնաց ազգ, հայերը կը ծաղրեն Եզիտիները եւ խտրական վերաբերմունք կը դրսեւորեն անոնց նկատմամբ, Եզիտիները Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն չունին սորվելու իրենց մայրենի լեզուն, ինչի պատճառով Եզիտիերէնը կը մոռցուի, հայերը Եզիտիներուն իրենց մշակոյթը զարգացնելու հնարաւորութիւն չեն տար, Հայաստանի մէջ կառուցուած Եզիտիական սրբատեղիներուն մէջ կրօնական ծեսեր չեն կատարուիր, մշակութային միջոցառումներ չեն կատարուիր, հայերը կը խլեն Եզիտիներու ունեցուածքը, տուները ու հողերը, Եզիտիներու վիճակը կը վատացնեն, կ’ըսեն, որ Եզիտին ՀՀ-ի մէջ հող եւ հող ունենալու իրաւունք չունի եւ ՀՀ-ն այս առումով ոչինչ չի ձեռնարկեր Եզիտիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Սաշիկ Սուլթանեան հարցազրոյցին յայտարարած է նաեւ, որ պետական համակարգէն ներս Եզիտիները առաջխաղացման հնարաւորութիւն չունին, անոնք կը գրաւեն ստորին օղակի պաշտօններ: Ան լրատուամիջոցով յայտարարած է նաեւ, որ Եզիտիները իրենց ապագան ՀՀ-ի մէջ չեն տեսներ, Հայաստանը իրենցը չեն համարեր եւ կ’արտագաղթեն ՀՀ-էն:

Դատախազութիւնը եզրակացուցած է, որ «Սուլթանեանը Հայաստանի Հանրապետութիւնը օտարերկրեայ լրատուամիջոցով ներկայացրել է որպէս քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ հանրային կեանքի այլ բնագաւառներում ազգային խտրականութիւն դրսեւորող պետութիւն, որն, իբր, արտայայտուել է հայերի կողմից Եզիտիների իրաւունքների եւ ազատութիւնների՝ ազգութեամբ պայմանաւորուած կոպտագոյն խախտումներով եւ սահմանափակումներով»:

Նշուած արարքները կատարելու համար Սուլթանեանին 2021 թուականի Մայիս 20-ին առաջադրուած է մեղադրանք՝ Քրէական օրէնսգրքի 226-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով` «ազգային, ռասայական կամ կրօնական թշնամանք յարուցելը, որը կատարուել է հրապարակայնօրէն կամ լրատուութեան միջոցներ օգտագործելով»: Քրէական գործով նախաքննութիւնը աւարտած է, դատախազը հաստատած է մեղադրական եզրակացութիւնը եւ Օգոստոս 2-ին քրէական գործի հետ ուղարկած դատարան՝ ըստ էութեան քննելու նպատակով:

«Սաշիկ Սուլթանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու հանգամանքը որեւէ պարագայում չի կարող մեկնաբանուել որպէս խօսքի ազատութեան սահմանափակում կամ միջամտութիւն իրաւապաշտպան գործունէութեանը», – ընդգծած է Դատախազութիւնը՝ հաւաստիացնելով, որ «հանրութիւնը, բոլոր շահագրգիռ շրջանակները հնարաւորութիւն ունեն բաց, հրապարակային դատաքննութեան միջոցով լիարժէք կարծիք կազմել մեղադրանքի հիմնաւորուածութեան եւ քրէական գործի հանգամանքների մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment