Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը Շարունակէ Շնորհաւորանքներ Ստանալ Տարբեր Երկիրներու Ղեկավարներէն

Փաշինեան Կը Շարունակէ Շնորհաւորանքներ Ստանալ Տարբեր Երկիրներու Ղեկավարներէն

by MassisPost

Վարչապետ վերանշանակուելէն ետք Նիկոլ Փաշինեան արդէն երեք օր է շնորհաւորանքներ կը ստանայ տարբեր երկիրներու ղեկավարներէն։

Վարչապետի աշխատակազմի հաղորդմամբ՝ երէկ շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընը, նշելով, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու արդիւնքը կ’ընդգծէ հայ ժողովուրդի ցանկութիւնը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն, որ զերծ է քոռուփցիայէն:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, վերջին երեք տարիներուն Հայաստանը վերը նշուած կէտերով առաջընթաց արձանագրած է։ Ճօ Պայտըն յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ ըլլալ վստահելի գործընկեր այս նպատակներուն հասնելու գործով։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան սերտացման պատրաստակամութեան մասին՝ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու եւ հիմնարկներու հիմքի վրայ։ Պայտըն կ’ակնկալէ աշխատիլ վարչապետ Փաշինեանի ու նոր կառավարութեան հետ՝ խորացնելու եւ ընդլայնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Վարչապետ նշանակուելու կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը երէկ շնորհաւորած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ։ Ան մասնաւորապէս նշած է, թէ Գերմանիան պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերուն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման:

Ըստ Անկելա Մերքելին, Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնը ստանձնած է լուրջ մարտահրաւէրներու եւ անորոշութիւններու շրջանին. «COVID-19-ի համավարակը մեզմէ աննախադէպ միջոցներ կը պահանջէ։ Գերմանիան՝ որպէս յուսալի գործընկեր, պատրաստ է այսուհետեւ եւս ուղեկցիլ Հայաստանին բարեփոխումներու ճանապարհին»։

Աւելի վաղ Փաշինեանը շնորհաւորած էին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը համանախագահող Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները։

Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնը վարչապետ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ յիշեցուց տարածաշրջանի կայունութեան վերահաստատման համար բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան՝ Մաքրոն կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման իրագործումը: Այս մասին, սակայն, պաշտօնական Փարիզի հաղորդագրութեամբ չէ յիշատակուած։

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը իր շնորհաւորական ուղերձով յոյս յայտնած է, որ Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութեան գործունէութիւնը կը նպաստի ռուս-հայկական բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։

Քաղաքական մեկնաբան՝ Յակոբ Բադալեանի գնահատմամբ՝ ուժային կեդրոններէն ստացուած ուղերձներով ակնյայտ են տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան վերաբերեալ ազդակները եւ անոնց աջակցելու պատրաստակամութիւնը:

«Ի հարկէ, այստեղ անկասկած է, որ իւրաքանչիւր ուժային կեդրոն ունի այդ հարցի վերաբերեալ իր պատկերացումը, աջակցութեան իր տրամաբանութիւնը, զարգացման իր տեսլականը, բայց ընդհանուր առմամբ կայ այդ գերակայ թեման գործնականում բոլոր շնորհաւորանքներում, լինի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլն», – ըսաւ Բադալեան:

Արեւմուտքէն եկող շնորհաւորանքները, Բադալեանի խօսքով, կը կարեւորեն նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման եւ քոռուփցիայի դէմ պայքարի հարցերը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր շնորհաւորած է նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլավ Զասը՝ նշելով, որ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի ներդրումը ՀԱՊԿ գործունէութեան մէջ եւ կ’ակնկալեն, որ Հայաստանի գալիք նախագահութիւնը ՀԱՊԿ-ի կը նպաստէ Եւրասիական տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման։

Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ ստացած է նաեւ Արժանթինի, Ղազախիստանի, Պելառուսիոյ, Թուրքմենիստանի նախագահներէն, Վրաստանի ու Ուքրանիոյ վարչապետներէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment