Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախարարական 12 Աթոռներէն 11-ը Նշանակուեցան. Մնաց Արտաքին Գործերու Նախարարի Նշանակումը

Նախարարական 12 Աթոռներէն 11-ը Նշանակուեցան. Մնաց Արտաքին Գործերու Նախարարի Նշանակումը

by MassisPost

Կառավարական անձնակազմը կ’ամբողջանայ. նախարարական 12 աթոռներէն 11-ը արդէն նշանակուած են՝ կան վերանշանակումներ ու կան նոր նշանակումներ՝ արդարադատութեան նախկին նախարար՝ Ռուստամ Բադասեան այժմ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահն է: Արդարադատութեան նախարար կը նշանակուի Կարէն Անդրեասեանը՝ 44-ամեայ իրաւաբան, որ նաեւ 5 տարի Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանը եղած է ։

«Ուզում եմ խոստանալ, որ մեր խումբի հետ միասին այս երիտասարդ ու շատ կարող խումբի հետ միասին մենք կը կարողանանք ի վերջոյ արդարութիւնը բերել բոլորին ամբողջ երկրում», – ըսաւ Անդրեասեան:

«Ի վերջոյ արդարութեան եւ արդարադատութեան ներկայութեան զգացումը ամենակարեւորն է, ամենակարեւոր խնդիրներից է, որ մեր ժողովուրդը մեզ առաջադրել է դեռեւս 2018 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ», – նշեց Փաշինեան:

Նոր նշանակում կամ վերանշանակում չէ եղած Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն ներս: Տաւուշի նախկին մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան գերատեսչութիւնը կը ղեկավարէ արդէն 4 ամիս: Թափուր է արտաքին գործոց նախարարի աթոռը: Երբ անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան շաբաթներ առաջ նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ, մամուլը գրեց թէ Գրիգորեանը ապագայ նախարարն է: Առայժմ չէ նշանակուած:

Պաշտպանութեան նոր նախարարը Արշակ Կարապետեանն է. ան 2018-ին վարչապետ Փաշինեանի խորհրդականն էր, ապա Գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալը, Յուլիսի վերջէն ի վեր պաշտպանութեան փոխնախարարն էր: «Բոլորս մեծ պատասխանատուութեան տակ ենք», – պաշտպանութեան նոր նախարարը ներկայացնելու ժամանակ շեշտեց վարչապետ Փաշինեան:

«Ճակատագիրը հենց մեր վրայ է դրել, այս օրակարգը մեր առաջ է դրել, եւ մենք պէտք է պատուով դուրս գանք այս մարտահրաւէրների տակից», – ըսաւ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմի հետ հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս ընդգծեց, որ հաղորդակցութիւններու բացումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է, իսկ Ատրպէյճանը խօսքը միջանցքի մասին, անընդունելի է:

«Բոլորը պէտք է իմանան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով միջանցքի վերաբերեալ երբեք որեւէ պայմանաւորուածութիւն չի եղել, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ բանաւոր, ո՛չ գրաւոր այդ թեմայի վերաբերեալ ոչ միայն որեւէ պարտաւորութիւն չի ստանձնել, այլեւ բոլոր դէպքերում, երբ որ այդպիսի նախադասութիւններ հնչել են, մենք յստակ մեր դիրքորոշումները արտայայտել ենք», – ընդգծեց Փաշինեան:

«Այն, ինչ պայմանաւորուել ենք, Յունուարի 11 -ի յայտարարութեան մէջ է», – ըսաւ վարչապետը: Այդտեղ արձանագրուած է՝ Հայաստանը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Ատրպէյճանի տարածքով տարանցել բեռներ: Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տարածքով տարանցել բեռներ: Այդ ամէնը մաքսային, սահմանապահ եւ առողջապահական հսկողութեամբ:

«Ինչպէս ենք այսօր հատում, օրինակ Վրաստանի կամ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիները, այսինքն այդ նոյն կանոններով, ի  հարկէ, մենք այդ օրակարգն ընդունել ենք», – նշեց Փաշինեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment