Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Պայտըն Շնորհաւորեց Վարչապետ Փաշինեանը

Նախագահ Պայտըն Շնորհաւորեց Վարչապետ Փաշինեանը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման առթիւ:

Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Պայտըն ընդգծած է, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացումը կ’ընդգծէ հայ ժողովուրդի ցանկութիւնը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն, որ զերծ է քոռուփցիայէն: «Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայաստան առաջընթաց գրանցած է այս ոլորտներուն մէջ: Միացեալ Նահանգները ուրախ է իր օժանդակութիւնը բերելու նոր պարեկային ոստիկանութեան գործարկման եւ քոռուփցիոն ցանցերու դէմ պայքարի անկախ հիմնարկներու ձեւաւորման ձեր կատարած ջանքերուն: Մենք պիտի շարունակենք ըլլալ վստահելի գործընկեր այս նպատակներուն հասնելու ձեր աշխատանքին»,- նշած է Պայտըն:

Ան յայտարարած է, որ կը հասկնայ այն դժուարին անվտանգային մարտահրաւէրները, որոնք ի յայտ եկած են 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով: «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու կողմերուն բանակցելու համապարփակ, խաղաղ կարգաւորման շուրջ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանու ներքոյ: Մենք կը յորդորենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հնարաւորինս շուտ ներգրաւուիլ առարկայական բանակցութիւններու մէջ:

ԱՄՆ ուրախ էր աջակցելու Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ջանքերուն, եւ մենք պիտի շարունակենք կոչ ընել անվտանգ վերադարձնելու բոլոր գերիները: Յոյսով ենք, որ այս հարցով Վրաստանի աջակցութեամբ մեր ունեցած առաջընթացը կարեւոր հիմք կը հանդիսանայ հետագայ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար` ի յաւելումն Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ նախաձեռնուած քննարկումներու»,-ըսած է Պայտըն՝ Փաշինեանին յղած ուղերձին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment