Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յակոբ Արշակեան Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Փոխխօսնակ

Յակոբ Արշակեան Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Փոխխօսնակ

by MassisPost

8-րդ գումարման, խորդրադարանը այսօր՝ Օգոստոս 4-ին, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ ընտրեց իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագրի» ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Արշակեանը։

Գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցան միայն իշխանական պատգամաւորները։

Խորհրդարանը երէկ փոխխօսնակ ընտրած էր «Քաղաքացիական պայմանագր»էն Ռուբէն Ռուբինեանը։

Այս պահուն կը քննարկուի երրորդ փոխխօսնակի՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը ներկայացնող Իշխան Սաղաթէլեանի թեկնածութիւնը։ Սահմանադրութեան պահանջքն է, որ Ազգային ժողովի նախագահի երեք տեղակալներէն մէկը պէտք է ըլլայ ընդդիմադիր խմբակցութենէն։

«Մենք չենք կարող համերաշխ լինել մի իշխանութեան հետ, որի պատճառով վտանգուած է երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը», – իր ելոյթը այսպէս սկսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը՝ պնդելով, որ կը մերժեն իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, որ երկիրը «կը տանի դէպի ոչնչացում»։ – «Երկրում գոյութիւն ունեցող համակարգային ճգնաժամը յաղթահարուած չէ։ Հետեւաբար մեր գնահատումները նոյնն են, օրակարգը անփոփոխ՝ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ։ Պայքարը շարունակւում է»։

Իշխան Սաղաթէլեանը խորհրդարանի փոխխօսնակի պաշտօնին ներկայացուց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեանը։ Ան թուեց անոր կրթական, մասնագիտական, քաղաքական ոլորտներու յաջողութիւնները. աւարտած է ԵՊՀ Միջազգային յարաբերութիւններու ֆակուլտետը, պատմութիւններու գիտութիւններու թեկնածու է, եղած է Գեղարքունիքի մարզպետ, 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանագրի ստորագրութենէն ետք համակարգած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումը, որ կը պահանջէր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Իշխանական խումբէն յիշեցուցին, որ այս ձեռքբերումներուն մեջ չի մտներ բանակ ծառայելը, որուն ի պատասխան Սաղաթէլեանը ներկայացնող Օհանեանը բացատրեց՝ Սաղաթէլեան օգտուած է նպատակային ուսումնառութեան համար տրուող տարկէտումէն։

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխխօսնակի թեկնածուին իշխանական թեւէն հարց չհնչեց։ Փոխարէնը քիչ չէին ընդդիմադիր պատգամաւորներու հարցերը թեկնածուն ներկայացնող Սեյրան Օհանեանին։ Պաշտպանութեան նախկին նախկին նախարարը խօսեցաւ բանակի եւ անվտանգութեան խնդիրներու մասին։ Ընդդիմադիր պատգամաւորները կը փորձէին համեմատել թէ ինչ ըրած են նախկին եւ ներկայ իշխանութիւնները բանակաշինութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման մէջ։

44-օրեայ պատերազմի քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու անհարժեշտութեան մասին խօսելու ատեն Օհանեան պնդեց , թէ յանձնաժողովը արդիւանւէտ կ’ըլլայ, եթէ տրուի ընդդիմութեան։ Ատիկա չիրագործուելու պարագային, ընդդիմութիւնը փաստահաւաք խումբ ստեղծելու նախաձեռնութիւն կ’ընէ. – «Իրականութեան մէջ ամենաթանկը մեր հողն է։ Եւ այդ հողի պաշտպանութեան առումով Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, նաեւ խորհրդարանը ժամանակին ոչինչ չի ձեռնարկել։ Ոչինչ չի ձեռնարկուել Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնից յետոյ մեր սահմանները ամրապնդելու», – ըսաւ Սէյրան Օհանեան։

Ազգային ժողովի նորընտիր փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեան արձագանգեց. – «Դուք ի՞նչ էք արել այդ ժամանակ տաս տարի առաջ, որպէսզի Հայաստանի բանակը նոյնպէս արհեստագիտականօրէն եւ գիտելիքներով զարգանայ այդ ուղղութեամբ։ Արել ենք այնքան, որքան հնարաւոր է եղել։ Եւ համոզուած եմ, որ ձեր կառավարման ժամանակ դուք էլ էք արել այնքան, որքան հնարաւոր է եղել։ Ի հարկէ, մենք նաեւ փաստեր գիտենք, որ շքեղ առանձնատներ են կառուցուել, որ միջոցներ են իւրացուել եւ այլն։ Եւ դրանք բարձրաձայնելով նոյնպէս ուզում ենք արձանագրել, որպէսզի հետագային այլեւս որեւէ մէկի մտքով չանցնի զինուորի հացը գողանալ։ Եւ երբ որ դուք քննադատութեան էք ենթարկում որեւէ բան, պիտի խնդրեմ, որ նաեւ դրանք յիշէք։ Նաեւ յիշէք, որ դուք ութ տարի շարունակ պատասխանատու էք եղել հենց այն ժամանակաշրջանում, երբ ատրպէյճանական բանակը զինուում էր ամենաժամանակակից սպառազինութեամբ»։

Երկու տասնեակէն աւելի ելոյթները երկրի անվտանգութեան կ’առնչուէին, անդրադարձան նաեւ Մարտ 1-ի եւ Հոկտեմեբեր 27-ի արիւնալի իրադարձութիւններուն։ Կողմերը նորէն չմոռցան բոլոր ձախողութիւններուն մէջ զիրար մեղադրել։

Նիստը պիտի շարունակուի վաղը, եւ ամենայն հաւանականութեամբ Օգոստոս 5-ին պարզ կը դառնայ՝ կ’ընտրուի՞ արդեօք ընդդիմադիր Իշխան Սաղաթէլեանը ԱԺ նախագահի երրորդ տեղակալ, թէ ոչ։

Խմբակցութիւններէն միայն «Պատիւ ունեմ»-ը այսօր հասցուց յայտարարել, որ պիտի պաշտպանէ «Հայաստան» դաշինքի խմբակցութեան ԱԺ փոխխօսնակի թեկնածութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment