Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեն Սիմոնեանն Ընտրուեցաւ ԱԺ Նախագահ

Ալեն Սիմոնեանն Ընտրուեցաւ ԱԺ Նախագահ

by MassisPost

Ութերորդ գումարման Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ԱԺ նախագահ ընտրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալեն Սիմոնեանը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ՝ Նարեկ Բաբայեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էր 71 պատգամաւոր: Ալեն Սիմոնեան ստացած է 71 ձայն:

«Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու՝ Մխիթար Զաքարեանը եւ «Պատիւ ունեմ»-ի թեկնածու՝ Արթուր Սարգսեանը ձայներ չէին ստացած: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան:

Նիստը նախագահող Կնեազ Հասանովը յայտարարեց, որ այսպիսով ԱԺ նախագահ ընտրուած է Ալեն Սիմոնեան: Ան բոլորի կողմէն շնորհաւորեց Սիմոնեանը: Սիմոնեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment