Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի ՀՕՊ-ը Խոցած է Ատրպէյճանի «Aerostar» Անօդաչու Սարքը

Հայաստանի ՀՕՊ-ը Խոցած է Ատրպէյճանի «Aerostar» Անօդաչու Սարքը

by MassisPost

Յուլիս 29-ի ժամը 23-էն սկսեալ Հայաստանի Զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կասեցուցած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձեր, հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Մասնաւորապէս՝ խոցուել է Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպառազինութեան մէջ գտնուող «Aerostar» տիպի ԱԹՍ, որի բեկորներն ընկել են Գեղարքունիքի մարզի Վանեվան գիւղից 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս։

Յուլիս 29-ի երեկոյեան եւ Յուլիս 30-ի ժամը 7-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկարութեամբ յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ, ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս պաշտօնական հաղորդագրութենէն դեռ ժամեր առաջ պնդած է, թէ «հայկական կողմի տարածած տեղեկատուութիւնը Բասարկեչարի վրայ իբր խոցուած երկու անօդաչու թռչող սարքերու մասին կեղծ է»:

Ատրպէյճանցիները Բասարկեչարը կ’անուանեն Հայաստանի Վարդենիս քաղաքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment