Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցիլ Հայ – Ատրպէյճանական Սահմանին Իրավիճակի Կայունացման

Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցիլ Հայ – Ատրպէյճանական Սահմանին Իրավիճակի Կայունացման

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան պատրաստ է աջակցիլ հայ – ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի կայունացման եւ քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի տարածաշրջանը վերածուի կայունութեան գօտիի, ըսուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Յուլիս 30-ի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Լրջօրէն մտահոգուած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներուն վերջերս արձանագրուած զինուած միջադէպերով, որոնք յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու։ Ցաւօք, իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած», – յայտարարած է ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ կոչ ընելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանին զերծ մնալու ցանկացած գործողութենէ, որ կարող է ա՛լ աւելի վատթարացնել սահմանային իրավիճակը, եւ տարաձայնութիւնները հարթել քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով։

«Ռուսաստանը պատրաստ է նաեւ առաջիկային ցուցաբերել անհրաժեշտ ողջ աջակցութիւնը», – յայտարարած է կառոյցը՝ որպէս լուծման ճանապարհ նշելով լարուածութիւնը թուլացնելու միջոցառումները, ինչպէս նաեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համատեղ աշխատանքներու շուտափոյթ մեկնարկը։

«Մտադիր ենք աշխոյժ աշխատիլ, որպէսզի Հարաւային Կովկասը վերածուի կայունութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման գօտիի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու ստորագրած Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն համահունչ», – յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment