Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Անգարան «Բոլոր Ուժերով» Աջակցած Է Պաքուին. Թուրք Պաշտօնեայ

Անգարան «Բոլոր Ուժերով» Աջակցած Է Պաքուին. Թուրք Պաշտօնեայ

by MassisPost

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան փոխնախագահ՝ Նուման Քուրթուլմուշը Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Հարաւային Կովկասի խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանի երկիրներու կողմէ։

Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Քուրթուլմուշ ըսած է, թէ Երեւանը պէտք է հրաժարի տարածաշրջանային խնդիրներու լուծումը Հարաւային Կովկասէն դուրս փնտռելու «սովորութենէն», եւ կրկնած է վեց երկիրներու ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակ ստեղծելու Թուրքիոյ նախագահի գաղափարը։

«Համոզուած եմ, որ փոխգործակցութեան ամենաճիշդ ուղին վեցի հարթակն է՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի ու Վրաստանի մասնակցութեամբ։ Բոլոր խնդիրներն ու տարաձայնութիւնները պէտք է լուծուին տարածաշրջանի երկիրներու կողմէ», – ըսած է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահը, նշելով, թէ Երեւան վերջապէս պէտք է գիտակցի, որ լարուածութեան նոր օճախներու ստեղծումը ոչ մէկ օգուտ կը բերէ Հայաստանի ժողովուրդին։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները լրագրողներու հետ Քուրթուլմուշի զրոյցէն այլ շեշտադրումներ առանձնացուցած են, մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մասով։ APA գործակալութեան հաղորդմամբ` ան յայտարարած է․ – «Մենք բոլոր ուժերով աջակցած ենք Ատրպէյճանին ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ»: Իսկ յետպատերազմեան իրավիճակի մասին ըսած է, թէ տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ զարգացումը կ’ապահովուի Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի համատեղ ջանքերու շնորհիւ։

Ըստ այս հաղորդագրութեան՝ Քուրթուլմուշը Հայաստանին ապաւինած դուրսի ուժերուն կարգին դասած է նաեւ սփիւռքը, ըսելով, թէ Հայաստանը պէտք չէ յոյսը դնէ արտաքին ուժերու, անոնց կարգին՝ սփիւռքի վրայ։ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ քննարկումներու միջոցով, իսկ զսպուածութիւնը, ըստ թուրք գործիչին, Հայաստանին օգտին է։

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Ատրպէյճան  է քառօրեայ այցով։ Մինչեւ Յուլիս 28-ը նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ, անոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Թրքական պատուիրակութիւնը այսօր՝ Յուլիս 26-ին այցելած է «Նահատակներու ծառուղի» եւ թուրք զինուորի յուշարձանը։

«Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Կովկասեան իսլամական բանակի նահատակներուն։ 99 տարի առաջ անոնք կռուած են Ատրպէյճանի ազատութեան համար», – յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահը։

Քուրթուլմուշի յիշատակած Կովկասեան իսլամական բանակը կամ Իսլամի բանակը Ատրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած էր 1918 թուականին ըստ Ատրպէյճանի առաջին հանրապետութեան եւ օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան պայմանագրի, որով Թուրքիան պարտաւորուած էր ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment