Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ կը Մերժէ Ուժի Կիրառումը Սահմանազատում Իրագործելու Պարագային

ԱՄՆ կը Մերժէ Ուժի Կիրառումը Սահմանազատում Իրագործելու Պարագային

by MassisPost

Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրեյսին այսօր՝ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած է Գեղարքունիքի մարզ, կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ:

ՊՆ-ի հաղորդմամբ` դեսպան Թրեյսին վերահաստատած է ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով միջադէպերու վերաբերեալ եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ը կը մերժէ ուժի կիրառումը սահմանազատում իրագործելու պարագային:

Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ը` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, խորապէս հաւատարիմ է ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով բոլոր կողմերու հետ աշխատելու գործընթացին։

Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Լին Թրեյսիի` ԱՄՆ-ը կողմերէն կը պահանջէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ Մինսքի խումբի համանախագահներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment