Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կը Կարծեմ, Պէտք Է Վանել «Միջանցք» Արտայայտութիւնը. Ֆրանսայի Դեսպան

Կը Կարծեմ, Պէտք Է Վանել «Միջանցք» Արտայայտութիւնը. Ֆրանսայի Դեսպան

by MassisPost

Կը կարծեմ, պէտք է վանել «միջանցք» արտայայտութիւնը։ «Միջանցքները» շատ վատ յիշողութիւն ձգած են դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ, ինչպէս, օրինակ, Տանցիկի միջանցքը։ Այս մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթը՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի կողմէ պարբերաբար հնչեցուող Զանգեզուրի միջանցք արտայայտութեան մասին հարցին։

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է աշխատիլ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, որ ստորագրուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ որ կը նախատեսէ տարածաշրջանի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու միջեւ հաղորդակցութեան տարածաշրջանային ուղիներու վերականգնում։ Ֆրանսան լիովին պատրաստ է աշխատիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքներու գործարկման ուղղութեամբ», – ըսած է դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան. «Մենք, բնականաբար, պատրաստ ենք քննել հայկական իշխանութիւններու կողմէ մեզի ուղղուած բոլոր յայտերը։ Ի հարկէ պէտք է հաշուի առնենք որոշ իրողութիւններ. Ֆրանսան եւ Հայաստանը միեւնոյն ռազմական դաշինքներու անդամներ չեն։ Ընդհանուր առմամբ, մեր դերը ապագայ պատերազմին պատրաստուիլը չէ։ Մեր դերը նոր հակամարտութենէն խուսափիլն է եւ քաղաքական գործընթացին մէջ ուղեկցիլն է, որ թոյլ կու տայ տարածաշրջանին մէջ խնդրայարոյց հարցերու վերջնական լուծման»,-ըսած է դեսպանը։

Անդրադառնալով Հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններուն, Լաքոթ ըսած է. « Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ Ֆրանսայի նպատակն այնքան ալ առեւտուրը չէ, որքան Հայաստանի մէջ ներդրումները։ Ներդրումներն են, որոնք կը ստեղծեն յաւելեալ արժէք, Հայաստանի մէջ կը ստեղծեն աշխատատեղեր։ Այս տեսանկիւնէն Ֆրանսան Ռուսաստանէն ետք երկրորդն է Հայաստանի մէջ:

«Սա օժանդակութիւն մըն է, որ թոյլ կու տայ Հայաստանի մէջ կատարել ֆրանսական նոր ներդրումներ, հաստատել ֆրանսական նոր ընկերութիւններ։ Ընդհանուր առմամբ, կ’ուզենք, որ մեր տնտեսական ներկայութիւնը ոչ միայն առաջընթաց գրանցէ, այլեւ որակական առումով թռիչք կատարէ։ Օրինակ՝ որպէսզի Ֆրանսան ներկայ ըլլայ ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ, մասնաւորապէս՝ երկաթուղային ոլորտին մէջ»,- հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը։

Հարցին՝  կրնա՞յ խօսքը ըլլալ Հայաստանը Իրանին կապող երկաթուղագիծի մասին, դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը պատասխանած է․ «Ինչ կը վերաբերի գումարի չափին, այն կախուած պիտի ըլլայ հայկական կողմէն մեզի ներկայացուելիք ծրագիրներէն։ Որպէսզի գաղափար ունենանք, թէ ինչի մասին է խօսքը, կրնամ ըսել, որ պիւտճէթային օժանդակութեան մասով պատրաստ ենք տրամադրել 50-էն 100 միլիոն եւրոյի չափով փոխառութիւն։ Պիւտճէթային այս օժանդակութեան կրնան գումարուիլ առանձին օժանդակութիւններ՝ յատուկ ծրագիրներու համար։ Ինչ կը վերաբերի երկաթուղային ոլորտին, կը մտածենք, մասնաւորապէս, ծրագրի մը մասին, որով գնացքով կը կապուին Երեւանը, Զուարթնոց օդակայանը, Էջմիածինն ու Արմաւիրը։ Եւ, ի հարկէ, մենք պատրաստ ենք նաեւ դիտարկել տարածաշրջանային երկաթուղային ծրագիրներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment