Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղ Չկայ, Կարգավիճակ Չկայ. Ալիեւ

Լեռնային Ղարաբաղ Չկայ, Կարգավիճակ Չկայ. Ալիեւ

by MassisPost

«Ատրպէյճանական զօրքը Հայաստանի հետ սահմանին զբաղեցուցած դիրքերէն պիտի չհեռանայ, անոնք մեր տարածքներն են», – երէկ՝ Յուլիս 22-ին Ատրպէյճանի պետական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է երկրի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ: Յիշեցնելով, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշելը Երեւանի մէջ` վարչապետ Փաշինեանի հետ ասուլիսին, այդ տարածքները վիճելի որակած էր, Ալիեւ ըսած է, որ ձեւակերպումը ընդունելի չէ, եւ ինք այս ուղերձը փոխանցած է Միշելին:

«Բնականաբար, անոր այցի ընթացքին այդ հարցը քննարկուեցաւ: Ես փորձեցի բացատրել, որ մենք դուրս եկած ենք մե՛ր սահմաններ։ Ինչու այդ ըրած ենք միայն մայիսի՞ն՝ որովհետեւ երկու-երեք մեթր նստած ձիւնը թոյլ չէր տար աւելի վաղ մօտենալ: Ձնհալէն յետոյ, սակայն, մենք անմիջապէս դուրս ելանք, գրաւեցինք անհրաժեշտ բարձունքները, տեղակայուեցանք եւ կը շարունակենք ամրապնդուիլ այնտեղ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Աւելի քան մէկ ժամնոց հարցազրոյցի ընթացքին, Ալիեւ քանի մը անգամ անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի վերջին տարածաշրջանային այցին, յատկապէս ողջունած է փաստը, որ Պաքուի մէջ Շարլ Միշելը որեւէ բառ չըսաւ ոչ Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակացման, ոչ ալ այս հարցի շուրջ բանակցելու անհրաժեշտութեան մասին: «Ատիկա պետական գործիչի կողմէն խոհեմ քայլ էր, մենք զայն կը գնահատենք, իսկ Հայաստանը պէտք է համապատասխան հետեւութիւններ ընէ», – ըսած է Իլհամ Ալիեւը, կրկին ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչատարածքային միաւոր «չկայ», եւ կարգավիճակի մասին խօսիլը անտեղի է: «1991-ին՝ անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի խորհրդարանը լուծարած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը», – ըսած է Ալիեւ։

«Ատրպէյճանի ժողովուրդը արդարացիօրէն կը դժգոհի, երբ այսօր Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ իրականութեան հակասող յայտարարութիւններ կը հնչեն, թէ իբր հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի: Ես անոնց կ’ըսեմ, որ ես` Ատրպէյճանի նախագահս, արդէն լուծած եմ այդ հարցը, վերջ: Լեռնային Ղարաբաղ չկայ, կարգավիճակ չկայ: Այնտեղ 25 հազար մարդ կ’ապրի` ո՞րն է 25 հազար մարդուն կարգավիճակ տալու տրամաբանութիւնը: Կը կրկնեմ` եթէ ինչ որ մէկը կ’ուզէ կարգավիճակ տրամադրել, ապա Ամերիկայի մէջ մօտ մէկ միլիոն հայ կ’ապրի, Ֆրանսայի մէջ` աւելի քան կէս միլիոն, ինչո՞ւ այնտեղ հայերուն կարգավիճակ չի տրուիր», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ընդ որում, Ալիեւ պնդած է, թէ այս հարցով իր եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ միւս երկրի` Ռուսաստանի դիրքորոշումները կը համընկնին: «Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը կը կարծեն, որ պատերազմը աւարտած է եւ որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ թոյլ տրուին վրէժխնդրական միտումներ, եւ այսուհետ տարածաշրջանին մէջ պետք է խաղաղութիւն տիրէ», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը ու աւելցուցած, որ երկարաժամկէտ համագործակցութեան մասով Պաքուի եւ Մոսկուայի դիրքորոշումներուն մէջ տարաձայնութիւններ չկան, եւ ինքը անձամբ շատ մտերիմ յարաբերութիւններ ունի Փութինի հետ։ «Մենք կը վստահինք իրարու, ինչ որ շատ կարեւոր է», – ըսած է ան:

«Մենք Ռուսաստանի նախագահի հետ մտքերու փոխանակում ունեցանք, եւ կարծում եմ, որ յաջորդ փուլին արդէն մենք աւելի յուսադրող նորութիւններ կը լսենք Երեւանէն: Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է՝ Զանգեզուրի միջանցքը անպայման պէտք է բացուի, եւ որքան շուտ Հայաստանը հասկնայ ատիկա, այնքան լաւ՝ իրեն համար», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ընդհանուր առմամբ, ամփոփելով ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ` անցած ութ ամսուայ կատարուած աշխատանքը, Ալիեւ պնդած է, որ պաշտօնական պաքուն կարողացած է հասնիլ իրեն համար առաջնային խնդիրներու լուծման:

«Մենք յաջողեցանք հասնիլ հոն, որ մեր օրակարգը հաստատուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, քաղաքական հարթութեան վրայ ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին, մեր քայլերէն որեւէ մէկը պատահական չէ եղած», – ըսած է ան՝ շարունակելով․ – «Մենք Հայաստանին օրակարգ ուղարկած ենք ` խաղաղութեան պայմանագիր: Թող ըսեն, որ չեն ուզեր, թող հրաժարին: Ես իմ կողմէս բազմիցս ըսած եմ, հիմա ալ կը կրկնեմ` Ատրպէյճանը պատրաստ է այս հարցի շուրջ բանակցութիւններու: Պատերազմը աւարտած է, կ’ուզէ՞ք խաղաղութիւն, կարծես թէ` այո, ուրեմն` ճանաչեցէք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, թող ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր եւ լուծուի սահմաններու սահմանազատման հարցը»:

Հայկական կողմը, անդրադառնալով այս հարցին, պարբերաբար կը յայտարարէ, թէ խաղաղութեան պայմանագրի, սահմանագծման ու սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները կրնան սկսիլ միայն այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանը ետ կը քաշէ Հայաստանի տարածք մտած հարիւրաւոր զինուորները: Ալիեւ, սակայն, հակադարձած է` ատրպէյճանական զօրքը կը գտնուի «ատրպէյճանական հողի վրայ». – «Մենք նոր իրականութիւն ստեղծած ենք, եւ ոչ միայն ղարաբաղեան գօտիին մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment