Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Սատարած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը Պիտի Վերցնէ Մանտաթները

Սերժ Սարգսեանի Սատարած «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքը Պիտի Վերցնէ Մանտաթները

by MassisPost

Երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի սատարած «Պատիւ ունեմ» դաշինքը պիտի վերցնէ մանտաթները։

«Որոշումը կայ, արդէն կարող եմ ասել, որ մանտաթները վերցնելու է «Պատիւ ունեմ» դաշինքը, գնալու է խորհրդարան» – «Ազատութիւն»-ին հաղորդեց դաշինքի ներկայացուցիչ Սոս Յակոբեանը` աւելցնելով, որ այս պահու դրութեամբ որեւէ թեկնածու ինքնաբացարկ չէ ներկայացուցած։ Խորհրդարան կ’երթան առաջին եօթ թեկնածուները։

«Այս պահի դրութեամբ որեւէ ինքնաբացարկի դիմում չկայ, այսինքն` առաջին եօթ համարը սպասում է, որ պէտք է ներկայացուած լինի խորհրդարանում» – ըսաւ Յակոբեան:

«Պատիւ ունեմ»ը անհրաժեշտ 7 տոկոսի շեմը չէ յաղթահարած, Ազգային ժողով անցած է օրէնքի պահանջով, որ խորհրդարանէն ներս առնուազն երեք ուժ պէտք է ըլլայ։ Հանրապետական ու «Հայրենիք» կուսակցութիւններու դաշինքը կը գլխաւորէ Փաշինեանի երբեմնի խմբակից, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։ Երկրորդը Հանրապետական, Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանն է։ Երրորդը՝ ՀՀԿ-ական Աննա Մկրտչեանն է, չորրորդը՝ Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ՝ Իշխան Զաքարեանը։ Յաջորդը հանրապետական Հայկ Մամիճանեանն է, ապա Թագուհի Թովմասեանը, որ նախորդ խորհրդարան եկաւ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքով, Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութենէն յետոյ լքեց խմբակցութիւնը։ Եօթերորդը Տիգրան Աբրահամեանն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment