Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փոխհրաձգութիւն Սահմանի Երասխի Հատուածին․ Հայկական Կողմը Զոհ Ունի, Ատրպէյճանականը` Վիրաւոր

Փոխհրաձգութիւն Սահմանի Երասխի Հատուածին․ Հայկական Կողմը Զոհ Ունի, Ատրպէյճանականը` Վիրաւոր

by MassisPost

Նախիջեւանին սահմանակից Երասխի հատուածին փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայ զինծառայող մահացած է։ Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան` միջադէպը առաւօտեան 10:30-ի սահմաններուն գրանցուած է, երբ ատրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումները մարտական դիրքերու առաջխաղացման նպատակով փորձած են երկրաչափական սարքերու կիրառմամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրագործել։ Հայկական կողմը հակազդող գործողութենէն յետոյ ատրպէյճանական կողմը կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։
«Հայկական կողմի՝ նշուած աշխատանքները դադարեցնելուն միտուած հակազդող գործողութիւններից յետոյ ատրպէյճանցի զինծառայողները նշանառու կրակ են բացել հայկական դիրքերի ուղղութեամբ: Ծաւալուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈՒ զինծառայող: Կորուստներ ունի նաեւ ատրպէյճանական կողմը», – ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի ուշ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդեց, որ զոհուած պայմանագրային զինծառայողը 38-ամեայ շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալաւերդեանն է:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը եւ կը նախազգուշացնէ, որ անոնք պիտի արժանանան կոշտ հակազդման: Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ իրադրութեան հետագայ սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Իսկ ատրպէյճանական կողմը տեղի ունեցածի պատասխանատուութիւնը կը ձգէ հայկական կողմին վրայ։ Ըստ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան` հայկական կողմը տարբեր չափի հրազէններով կրակ բացած է Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան Սադարակի շրջանի՝ Ատրպէյճանի զինուժի ուղղութեամբ, մէկ զինծառայող վիրաւորուած է:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի՝ Նախիջեւանի հատուածը երկար ժամանակ է` համեմատաբար խաղաղ էր, այստեղ վերջին անգամ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ ռուսական Մի-24 ուղղաթիռը խոցուած էր Նոյեմբեր 9-ին` 44-օրեայ պատերազմի վերջին օրը։ Պատերազմէն յետոյ, իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի հատուածին լարուած է։ Արդէն 2 ամիս է, որ ատրպէյճանական զինուժը հատած է ՀՀ սահմանի՝ Գեղարքունիքի ու Սիւնիքի ուղղութիւններով ու չի հեռանար։ Սահմանին պարբերաբար միջադէպեր կ’արձանագրուին, Գեղարքունիքէն 6 հայ զինծառայողներ գերավարուած էին, ու մէկ զինծառայող` զոհուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment