Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Պիտի Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Ռազմագերիներու Վերադարձի Ուղղութեամբ. Փաշինեան-Պլինքըն Հեռախօսազրոյց

ԱՄՆ-ը Պիտի Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Ռազմագերիներու Վերադարձի Ուղղութեամբ. Փաշինեան-Պլինքըն Հեռախօսազրոյց

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ամերիկեան կողմը հաւաստիացուցած է, որ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ, տեղեկացուցած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի լրատուական ծառայութիւնը։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան թեմային՝ Պլինքընը «յոյժ կարեւորել է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների գործունէութեան վերականգնումը՝ ընդգծելով խաղաղ գործընթացի յստակ օրակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը, որը հնարաւորութիւն կու տայ գտնել հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում»:

Շնորհաւորելով Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ` Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը շեշտած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրագործուող բարեփոխումներու կարեւորութիւնը քոռուփցիայի դէմ պայքարի ու արդարադատութեան ոլորտին մէջ եւ աւելցուցած, որ ԱՄՆ պատրաստակամ է շարունակել օժանդակութիւնը այս ուղղութեամբ:

Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, իր հերթին, Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական քարտուղարի տեղակալ՝ Ֆիլիփ Ռիքըրի՝ մէկ ամիս առաջ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձի գործին մէջ ներդրած ջանքերը:

Ռիքըրի՝ Թիֆլիս, Պաքու ու Երեւան կատարած այցելութենէն ընդամէնը երկու օր անց՝ Յունիս 12-ին Ատրպէյճանը վերադարձուց հայաստանցի 15 ռազմագերիներ։

Ուշագրաւ է, որ Ֆիլիփ Ռիքըրի հարաւկովկասեան այցէն եւ գերիներու վերադարձէն ընդամէնը օրեր անց՝ Յուլիս 3-ին, այս անգամ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանը ազատ արձակեց ճիշդ նոյն քանակի՝ 15 ռազմագերիներ, որոնց Երեւան ուղեկցեցաւ Արցախի ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Ռուստամ Մուրատովը։ Արդեօ՞ք այդ կերպ ռուսական կողմը շտապեց ի ցոյց դնել, որ պաշտօնական Մոսկուան նոյնպէս ինչ որ քայլեր կը ձեռնարկէ հայաստանցի ռազմագերիները ազատ արձակելու գործով:

Ի դէպ, Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ, Փաշինեան-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։ Վերջին ամիսներուն այս երկրորդ հեռախօսազրոյցն է Փաշինեանի ու Պլինքընի միջեւ. նախորդը Մարտ 5-ին էր։

Քաղաքական մեկնաբան՝ Ռուբէն Մեհրաբեանի խօսքով, վերոնշեալը կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ քաղաքականութիւն վարելու Պայտընի վարչակազմի որոշման մասին։

«Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանում Միացեալ Նահանգների դեսպանի կողմից Շուշի չայցելելուց յետոյ։ Այսինքն՝ Միացեալ Նահանգները խնդիր են տեսնում այս յետպատերազմական սթաթուս քուոյի հետ, եւ այցելութեամբ Շուշի ցանկութիւն չունեն որեւէ ձեւով օրինականացնել այս նոր սթաթուս քուոն», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Մեհրաբեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment