Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ․ «Հայաստանը Պատրաստ Չէ Խաղաղ Համաձայնագրի Ստորագրման»

Ալիեւ․ «Հայաստանը Պատրաստ Չէ Խաղաղ Համաձայնագրի Ստորագրման»

by MassisPost

«Ոչ պաշտօնական խողովակներով ստացուող տեղեկատուութեան համաձայն` Հայաստանը պատրաստ չէ խաղաղ համաձայնագրի ստորագրման», – այսօր՝ Յուլիս 14-ին, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը՝ պնդելով, որ նման մօտեցում «մեծ սխալ կ’ըլլայ հայերու կողմէ»։

Ատրպէյճանի ղեկավարի այս յայտարարութիւնը հնչած է Պաքուի Խոճասան թաղամասը, ուր Ալիեւ բնակարաններ եւ ինքնաշարժեր կը նուիրէր պատերազմի ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինծառայողներուն եւ պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն։

«Կողմերը պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանները, սկսին աշխատանքներ տանիլ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ։ Սահմանազատման հարցով միջազգային կազմակերպութիւններէն եւս այժմ դրական ազդակներ կը ստացուին։ Եթէ Հայաստանը չի ցանկար այդ ընել, իր գործն է։ Անոնք, սակայն, պէտք է լաւ մտածեն այդ ուղղութեամբ, քանի որ հետագային կրնայ ուշ ըլլալ», – յայտարարած է Ալիեւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment