Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Դատարանը Հեռացաւ Խորհրդակցական Սենեակ

Սահմանադրական Դատարանը Հեռացաւ Խորհրդակցական Սենեակ

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը այսօր՝ Յուլիս 14-ին աւարտեց ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման հարցով գործի քննութիւնը եւ որոշում կայացնելու համար հեռացաւ խորհրդակցական սենեակ։

Այսօր՝ դատաքննութեան 6-րդ օրը կողմերը հանդէս եկան եզրափակիչ ելոյթներով։

Խորհրդարան անցած «Պատիւ ունեմ» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Յարութիւնեան իր կէս ժամնոց ելոյթին դարձեալ ներկայացուց եւ պնդեց իր 9 թէզերը այն մասին, թէ ինչու պէտք է ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչցուին։ Անոնցմէ մէկը այն մասին էր, որ Նիկոլ Փաշինեան ապօրինի գրաւած է վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի տեղը:

Ըստ Յարութիւնեանին, Փաշինեան խախտած է ազատ ընտրութեան սահմանադրական նորմը ֆիզիքական ուժի կամ վարչական ներգործութեան կիրառման սպառնալիքով, զոր դիմող կողմը նկատած է վարչապետի պաշտօնակատարի նախընտրական ելոյթներուն. – «Եւ ինչքան էլ «Քաղաքացիական պայմանագիրը» պնդի, որ Փաշինեանի խօսքը իբրեւ թէ ես քոնթեքսթից կտրուած եմ ներկայացրել, որեւէ մէկը հանրութեան չի կարող համոզել, որ այնպիսի արտայայտութիւնները, ինչպիսին «կապոյտ չագուճը (մուրճ) առաջինը ձեր գլխին ա ջարդուելու», «կը տեսնէք քատրային ջարդուփշուր», «պողպատէ մանտաթով ընտրութիւններից յետոյ գալու ենք ձեր յետեւից», «հիմա չագուճի (մուրճ) հետ կը ծանօթանաք» եւ այլն, կարող են տեղ ունենալ ժողովրդավարական արժէքներ ապաւինող երկրում, եւ, ինչն առաւել սարսափելի է, կարող են հնչեցուել փաստացի երկրի առաջին դէմքը հանդիսացող անձի կողմից»։

Արդարադատութեան նախարար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ռուստամ Բադասեանի հակադարձումը կարճ էր՝ այդ խօսքի ազատութիւն էր. – «Զուգահեռ իրականութիւն փորձեցին ներկայացնել, որտեղ պարզւում է, որ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ ազդեցութիւն է թողել խօսքի ազատութեան շրջանակներում կատարուած արտայայտութիւնները»։

Դաւիթ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ կ’օգտագործէր ենթադրական ապառնի եղանակը։ Դիմելով բարձր դատարանին՝ բացատրեց. ձեր կողմնորոշումը այս հարցի քննութեան մասով, ցաւօք, ակներեւ է։

Հիմնաւորումներէն մէկը այն էր, որ ՍԴ-ն նախորդ օրը մերժած էր ոստիկանութենէն ապացոյցներ պահանջելու իր միջնորդութիւնը. – «Եւ եթէ ես համադրեմ այդ մերժումը այն փաստի հետ, թէ ինչպիսի միտումնաւորութիւն յիշեցնող չափի անփութութեամբ էք նախապատրաստուած այս դատաքննութեանը, թէ ինչպէս է դատարանի կողմից յետաձգւում ապացոյցների վերաբերեալ միջնորդութիւնների քննարկումը, ապա պէտք է արձանագրեմ, որ ձեր որոշումը այս գործով, ցաւօք, ակներեւ է։ Առաջին անգամ է, որ ես, կանխատեսելով ձեր որոշումը, ունեմ անհատապէս ներքին անարդարութեան եւ համընդհանուր պարտութեան զգացում»։

Յարութիւնեանի ելոյթի այս հատուածին արձագանգեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Արման Դիլանեան. – «Մարդկայնօրէն հասկանում եմ Սահմանադրական դատարանին, թոյլ տուէք կիսուել իմ տպաւորութիւնը, վարկաբեկելու եւ այդպիսով Սահմանադրական դատարանի ապագայ որոշումը վարկաբեկելու ձեր փորձերը։ Մարդկայնօրէն այդ մարտաւարութիւնը հասկանում եմ, բայց չեմ ընդունում։ Եւ ինձ համար յստակ դա դատապարտելի է, պարոն Յարութիւնեան»։

Դիմողները եզրափակիչ ելոյթին դարձեալ շեշտեցին այն հանգամանքը, որ հրաժարականէն ետք պաշտօնավարող Փաշինեանը արհեստականօրէն մրցակցային առաւելութիւն ստացած է։

Խորհրդարան անցած միւս՝ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ՝ Արամ Վարդեւանեան զուգահեռներ կատարեց 1998 -ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականին հետ. – «Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յայտարարեց հրաժարական տալու մասին, եւ դա նշանակում էր հրաժարական, ինչպէս եւ ցանկացած այլ ողջամիտ երկրում»։

Ռուստամ Բադասեան ներկայացուց ամենաթարմ դէպքը. Շուէտի վարչապետին անվստահութիւն յայտնած են, բայց ան շարունակած է պարտականութիւնները կատարել. – «Դրա համար չէի ուզի վկայակոչել այդ դէպքը, այլ այն արտայայտութիւնը, որը հանդիպեցի նիւթում համացանցում որոնելիս։ Օգտագործւում էր անգլերէն caretaker բառը, այսինքն՝ հոգ տանել։ Այսինքն՝ կ’ուզէի շեշտել, որ շատ կարեւոր է, որ Հանրապետութիւնը առանց պատշաճ ղեկավարման չի կարող մնալ»։

Սահմանադրական դատարանէն ներս բոլոր կողմերը հաւասար՝ 30 րոպէ տեւողութեամբ ելոյթներ ունեցան։ Դիմող կողմերը պնդեցին ընտրութիւնները անվաւեր ճանաչելու իրենց հայցը։ Պատասխանող կողմը՝ ի դէմս ԿԸՅ նախագահի, պնդեց, թէ արդիւնքների մասին ԿԸՅ-ի որոշումը անվաւեր ճանաչելու հիմքեր չկան. – «Խնդրում եմ, որպէսզի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նշեալ որոշումը թողնուի ուժի մէջ»։

Սահմանադրական դատարանը որոշումը պէտք է ընդունի դիմումի մուտքագրման օրուընէ ոչ ուշ, քան 15 օր յետոյ։ Դիմումները ընդունուած են Յուլիս 2-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment