Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Խոստացած Է Հիւսիս-Հարաւ-ի Հարաւային Հատուածի Համար Շուրջ 600 Միլիոն Եւրօ

ԵՄ-ն Խոստացած Է Հիւսիս-Հարաւ-ի Հարաւային Հատուածի Համար Շուրջ 600 Միլիոն Եւրօ

by MassisPost

«Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի Սիւնիքի մարզը ընդգրկող հարաւային հատուածին համար Եւրոպական Միութիւնը շուրջ 600 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ, յայտարարեց այսօր՝ Յուլիս 13-ին, ճանապարհի Գիւմրի-Թալին հատուածի շինարարութեան ընթացքին ծանօթանալու նպատակով Շիրակի մարզ այցելած տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօնակատարը։

«Եւրոպական Միութիւնն իր հերթին ֆինանսաւորման աջակցման ցանկութիւն է յայտնել «Հիւսիս-հարաւ»ի հարաւային հատուածը ֆինանսաւորելու ուղղութեամբ, եւ եթէ չեմ սխալւում, շուրջ 600 միլիոն եւրոյի մասին է խօսքը, որը բաւականին մեծ գումար է, եւ մեզ թոյլ կու տայ, քանի որ մենք արդէն ունենք նախագծա-նախահաշուային փաստաթղթերը, եւ արդէն իսկ կառավարութիւնը որոշում ունէր, ամէն ինչ պէտք է անենք Օգոստոս ամսուայ դրութեամբ մրցոյթ յայտարարել: Հիմա մեր խնդիը ֆինանսական աղբիւրներն աւելի յստակեցնելն է, որ կարողանանք գործընթացը արագացնել», – ըսաւ Սուրէն Պապիկեան:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպական Միութիւնը ծրագրին աջակցելու խոստում տուած է, կը մնայ, որ այն գումարի ու ճանապարհաշինական ծրագրի վերածուի. «Եւրոպական Միութեան աջակցութեան խոստումը կայ, հիմա պէտք է աւելի առարկայական հասկանալ` ինչպէս, ինչ մեքենականությամբ, որ խողովակով, նոր ըստ այդմ կատարել մեր հետագայ աշխատանքները: Այնուամենայնիւ, անկախ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնից մենք արդէն իսկ որոշել էինք «Հիւսիս-հարաւ»-ի Սիսիան-Քաջարան հատուածի ուղղութեամբ շինարարական աշխատանքների մրցոյթ յայտարարել, որովհետեւ մեր փաստաթղթերն արդէն իսկ պատրաստ են:

Յստակութիւն չկար, յստակութիւնը նրանում էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` մեր կառավարութիւնն այլ ֆինանսական միջոցներ չլինելու պարագայում սեփական միջոցներով դա կ’անի: Հիմա շատ աւելի լաւ է, որ կան նաեւ յաւելեալ միջոցներ, կը հասկանանք` ինչպէս ենք դա կազմակերպում»:

Հարցին, որ «Հիւսիս-հարաւի» յատկապէս հարաւային բարդ բնութիւն ունեցող հատուածի կառուցման համար որքա՞ն գումար կը նախատեսուի, Պապիկեան ըսաւ. «Եթէ չեմ սխալւում, 1.2 միլիառ պիտի արժենայ միայն փապուղիների հատուածը, այսինքն` մինչեւ հասնելը Քաջարան, այնուհետեւ եւս 250 միլիոն տոլար մինչեւ Ագարակ»:

Ինչ կը վերաբերի Գիւմրի-Թալին հատուածին, ապա այստեղ կուպրապատման աշխատանքները ընթացքի մէջ են, եւ ինչպէս խոստացած են չինացի կառուցապատողները, Սեպտեմբերին 50 քմ. հատուածի մէկ կողմը կը շահագործուի. «Ըստ էութեան, մօտ ենք դրան, հիմա փորձենք հասկանալ Սեպտեմբերի սկզբին, թէ Սեպետմբերի վերջին, բայց ամէն ինչ կ’անենք»:

Իսկ Բաւրայէն մինչեւ Մեղրիի անցակէտի միջեւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան վերջնաժամկէտ նախարարի պաշօնակատարը յստակ չկարողացաւ նշել. «Ես չեմ կարող հիմա ժամկէտ նշել, նախկինում տրուած խոստումներն ու ժամկէտները մի քանի անգամ չեղարկուել են, մի քանի անգամ էլ խոստումները չեն կատարուել: Ես հիմա առաւել կարեւոր խոստում եմ ուզում տալ` ամէն ինչ անել, որ օր առաջ այդ խնդիրը լուծուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment