Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Քաղաքական Վերնախաւը Դժգոհ Է Մինսքի Խումբ Երկիրներու Շուշի Չերթալէն

Ատրպէյճանի Քաղաքական Վերնախաւը Դժգոհ Է Մինսքի Խումբ Երկիրներու Շուշի Չերթալէն

by MassisPost

Ատրպէյճանական մամուլը արդէն երկրորդ օրն է, որ վրդովուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններու, ինչպէս ատրպէյճանցի մեկնաբանները կը գրեն՝ տեմարշէն։

Յուլիս 9-10-ին, Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած քառասունվեց դեսպաններ այցելած են Շուշի, սակայն անոնց կարգին չեն եղած Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները։ Ընդ որում, ատրպէյճանցի լրագրողները եւ վերլուծաբանները ամէնէն շատ վրդովեցուցած է ռուս դեսպանի բացակայութիւնը։

Միջազգային հարցերով Ատրպէյճանի նախագահի օգնական՝ Հիմքեթ Հաճիեւը լրագրողներուն ըսած էր, որ դեսպաններու այցը Շուշի Ալիեւի նախաձեռնութիւնն էր։ Ատրպէյճանական մամուլը այս կապակցութեամբ գրած է, որ այս Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններու «ընդգծուած տեմարշն է յաղթող նախագահ՝ Ալիեւի դէմ»։

Պաշտօնական Պաքուն այս տեմարշին դեռ չէ արձագանգած։ Շուշի այցելած դեսպաններուն կարգին էին նաեւ ՀԱՊԿ անդամ երեք պետութիւններու՝ Ղազախիստանի, Տաճիկստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Պուլղարիոյ, Պրազիլիոյ, Չինաստանի, Ալժերիոյ, Պաղեստինի, Վրաստանի, Խրուաթիոյ, Յորդանանի, Իսրայէլի, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Քոլոմպիոյ, Քորիայի, Քաթարի, Լաթվիոյ, Հունգարիոյ, Մալայզիոյ, Մեքսիքայի, Մարոքի, Հոլանտայի, Փաքիստանի, Լեհաստանի, Սերպիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ, Ճափոնի, Յունաստանի, Պելճիքայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Չիլիի, Էսթոնիոյ, Իրաքի, Իրանի, Լիթուանիոյ, Լիպիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ, Սուտանի եւ Վենեզուելայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները։

Շուշի հրաժարած էր այցելել նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը։ «Ազատութիւն»ի հարցման ի պատասխան, Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանութիւնը հաստատած է, որ Պաքուի մէջ բրիտանական դեսպանութեան ոչ մէկ ներկայացուցիչ չէ մասնակցած Յուլիս 9-10-ի Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ կազմակերպուած այցին։

Մեծ Բրիտանիան լուրջ ներդրումներ ունի Ատրպէյճանի մէջ, եւ բրիտանացի դեսպանի այս որոշումը առնուազն հետաքրքիր է։

Պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի նախագահը անընդհատ կը կրկնէ, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած է, եւ Մինսքի խումբը այլեւս ընելիք չունի։ Իսկ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները անընդհատ կը յայտարարեն Ղարաբաղեան խնդրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակել՝ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար։ Ընդ որում, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումները այս հարցով նոյնն են, իսկ Մոսկուան թէեւ կ’ըսէ, որ խնդիրը դեռ կարգաւորուած չէ եւ գործընթացը պէտք է շարունակել, սակայն կ’աւելցնէ, որ այսօր անոր ժամանակը չէ, նախ պէտք է ստեղծել վստահութեան մթնոլորտ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, լուծել հրատապ հարցերը, ետքը անցնիլ համապարփակ կարգաւորման։

Այդուամենայնիւ, երեք դեսպաններու, ատրպէյճանական աղբիւրներու բնորոշման՝ տեմարշը խօսուն է եւ չափազանց զայրացուցած ատրպէյճանցիները։ Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զիլֆուկարովը յայտարարած է, թէ անոնք անով կ’ահազանգեն, որ իրավիճակի կայունացումէն յետոյ մտադիր են բանակցութիւններ վարել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ, եւ գործեն Մատրիտեան սկզբունքներու տրամաբանութեան համապատասխան։ Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը առաջարկած է պատժել այդ դիւանագէտները եւ զիրենք չհրաւիրել որեւէ այլ միջոցառման, քանի դեռ չեն այցելած Շուշի։ Աւելին՝ Զիլֆուկարովը առաջարկած է պաշտօնապէս հրաժարիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն։

«Ատրպէյճանը ցոյց պէտք է տայ իր միանշանակ դիրքորոշումը եւ հրաժարի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հիմնարկէն։ Եկած է այդ քայլը կատարելու ժամանակը», – ըսած է նախկին արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment