Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔՊ-ը Ներգրաւուած է, Որպէս Երրորդ Անձ Սահմանադրական Դատարանէն Ներս Ընտրութիւններու Արդիւնքները Վիճարկելու Գործով Դատավարութեան

ՔՊ-ը Ներգրաւուած է, Որպէս Երրորդ Անձ Սահմանադրական Դատարանէն Ներս Ընտրութիւններու Արդիւնքները Վիճարկելու Գործով Դատավարութեան

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը, սեփական դիմումի հիման վրայ, Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգային որոշմամբ ներգրաւուած է, որպէս երրորդ անձ Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման վերաբերեալ միաւորուած գործով դատավարութեան: Այս մասին յայտնած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Ռուստամ Բադասեան:

«Առաջիկայում կը ներկայացուի ՔՊ իրաւական դիրքորոշումը ներկայացուած դիմումների կապակցութեամբ», – նաեւ գրած է Բադասեան Դիմատետրով:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները վիճարկած են ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանի մօտ: Բարձրագոյն ատեանը որոշած է միաւորել 4 դիմումները եւ զանոնք քննել Յուլիս 9-ի նիստին:

Որպէս պատասխանող կողմ դատավարութեան ներգրաւուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, իսկ որպէս յարակից պատասխանողներ՝ Դատախազութիւնը, Ոստիկանութիւնը եւ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment