Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կայացաւ Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը

Կայացաւ Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ,  Յուլիս 7-ին, մեկնարկած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։

Նախքան փակ հանդիպման մեկնարկը Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ռուսաստանի ղեկավարի հետ ստիպուած է աւելի յաճախ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր քննարկել, քանի որ տարածաշրջանային իրավիճակը կայուն չէ եւ մասնաւորապէս, անհանգիստ է հայ-ատրպէյճանական սահմանը։

«Ռուս խաղաղապահների տեղակայումից յետոյ իրավիճակն ընդհանուր առմամբ հանգիստ է, բայց պարբերաբար լինում են անհանգստութեան պահեր։ Մասնաւորապէս, կայ անհանգստութիւն հայ-ատրպէյճանական սահմանին», – նշեց Հայաստանի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ ցաւօք, դեռ ամբողջովին լուծուած չէ գերիներու հայրենադարձման հարցը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին վերջերս 15 հայ ռազմագերիներու վերադարձին համար։

Փութինի խօսքով՝ զգայուն հարցերը հնարաւոր է լուծել ժողովուրդի աջակցութիւնը ունենալու պարագային։ Ռուսաստանի ղեկավարը նաեւ ընդգծեց, որ այդ աջակցութիւնը Փաշինեան ունի. «Անոր համար ես կը շնորհաւորեմ ձեզի եւ կ’ակնկալեմ լուրջ քննարկում բոլոր այն հարցերու շուրջ, որ վերջին շրջանին աշխուժօրէն կը քննարկենք», – ըսաւ Ռուսաստանի առաջնորդը։

Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուա է աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, եւ այս Փաշինեանի առաջին արտասահմանեան այցն է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ եւ Փութինի հետ երրորդ հանդիպումը այս տարի: Հայաստանի վարչապետը Ռուսաստանի մայրաքաղաք այցելած էր Յունուար 11-ին եւ Ապրիլ 7-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment