Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սահմանադրական Դատարանը Յուլիս 9-ին կը քննէ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Արդիւնքները Վիճարկող Դիմումները

Սահմանադրական Դատարանը Յուլիս 9-ին կը քննէ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Արդիւնքները Վիճարկող Դիմումները

by MassisPost

Սահմանադրական Դատարանը (ՍԴ) որոշած է Յուլիս 9-ին քննել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող 4 դիմումները։

ՍԴ-ն որոշած է միաւորել «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւններու դիմումները եւ քննել դատարանի նոյն նիստին, քանի որ կը վերաբերին նոյն հարցին:

Դատաքննութիւնը պիտի կատարուի բանաւոր ընթացակարգով: Գործով զեկուցող նշանակուած է Սահմանադրական Դատարանի դատաւոր Էտկար Շաթիրեան:

Որպէս պատասխանող կողմ դատավարութեան ներգրաւուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, իսկ որպէս յարակից պատասխանողներ՝ ՀՀ դատախազութիւնը, ոստիկանութիւնը եւ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը:

Յունիս 20-ին կայացած քուէարկութեան արդիւնքները բարձր դատարանի մօտ վիճարկած են ինչպէս խորհրդարան անցած Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» եւ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի սատարած «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, այնպէս ալ անցողիկ շեմը չյաղթահարած «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment