Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԽ Քարտուղարը Զասին Ըսած Է, Որ Ստեղծուած Իրավիճակը Կարելի Չէ Որակել Որպէս Միջադէպ

ԱԽ Քարտուղարը Զասին Ըսած Է, Որ Ստեղծուած Իրավիճակը Կարելի Չէ Որակել Որպէս Միջադէպ

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զասի հետ` իր մտահոգութիւնը յայտնելով անոր` վերջին յայտարարութեան որոշ ձեւակերպումներու եւ գնահատականներու կապակցութեամբ:

Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն յայտնած են, որ Արմէն Գրիգորեան համոզմունք յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակը կարելի չէ որակել որպէս միջադէպ, քանզի արդէն տեւական ժամանակ է, ինչ Ատրպէյճանի զինծառայողները չեն լքեր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը:

Արմէն Գրիգորեան անգամ մը եւս շեշտած է, որ ՀԱՊԿ քարտուղարութեան մակարդակով կատարուող ձեւակերպումներու հարցով անհրաժեշտ է ցուցաբերել զսպուածութիւն՝ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղուած կառուցողական ջանքերը հարուածի տակ չդնելու համար:

Զրոյցի աւարտին, Արմէն Գրիգորեան ընդգծած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար նպատակայարմար է կազմակերպել ՀԱՊԿ քարտուղարութեան այց:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար՝ Զասը օրերս յայտարարած էր, թէ Հայաստանի հարաւի իրավիճակի սրումը` Ատրպէյճանի հետ նոր սահմանի հաստատման կապակցութեամբ, «սահմանային միջադէպ» է եւ չի համապատասխաներ ՀԱՊԿ հաւաքական պաշտպանութեան կանոնադրութեան դրոյթներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment