Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեան ԱՄՆ-ի Անկախութեան օրուան Ընդառաջ Այցելած է ԱՄՆ-ի Դեսպան Լին Թրէյսին

Արմէն Սարգսեան ԱՄՆ-ի Անկախութեան օրուան Ընդառաջ Այցելած է ԱՄՆ-ի Դեսպան Լին Թրէյսին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան ընդառաջ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լին Թրէյսիի կեցավայրը:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է դեսպան Թրեյսին եւ յանձին անոր՝ դեսպանութեան անձնակազմը ու Միացեալ Նահանգներու ողջ ժողովուրդը ազգային տօնին առթիւ:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգի եւ երկկողմանի փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment