Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընտրութիւններուն Պարտութիւն Կրած Ուժերուն Սատարած Համայնքապետերը Պէտք Է Հրաժարական Տան.Լոռիի Մարզպետ

Ընտրութիւններուն Պարտութիւն Կրած Ուժերուն Սատարած Համայնքապետերը Պէտք Է Հրաժարական Տան.Լոռիի Մարզպետ

by MassisPost

Լոռիի մարզպետ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ՝ Արամ Խաչատրեան ըսած է, թէ պէտք է հրաժարական տան մարզի այն համայնքապետերը, որոնց սատարած քաղաքական ուժերը Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած են։

Ըստ մարզի ղեկավարին՝ այդ համայնքապետերը իրենց համայնքներուն մէջ վստահութիւն չունին եւ ընտրութիւններուն մասնակցած կուսակցութիւններու պարտութիւնը նաեւ իրենց պարտութիւնն է։

«Սա իմ անձնական կարծիքն է, որ պիտի էդ մարդիկ հրաժարական տան եւ նորից մասնակցեն ընտրութիւնների, որպէսզի հասկանան՝ արդեօք ժողովուրդն իրենց վստահում է, թէ՞՝ չի վստահում։ Միակ ճանապարհը քաղաքակիրթ սա է, բայց պիտի քաղաքական կամք դրսեւորեն։ Ես համոզուած եմ, որ շատերը վստահ չեն, որ իրենք կը վերընտրուեն», – ըսաւ Խաչատրեան։

Մարզի քանի մը համայնքապետեր 10 օր առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն սատարած են ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն, մասնաւորապէս, Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» եւ երկրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Պատիւ ունեմ» դաշինքներուն, մասնակցած անոնց հանրահաւաքներուն ու շտաբային աշխատանքներուն։

Գիւլագարակ խոշորցուած համայնքի հանրապետական ղեկավար՝ Մհեր Գէորգեանը նախընտրական շրջանին չէր թաքցներ իր քաղաքական դիրքորոշումը. «Հայաստան» դաշինքի կողմնակիցն էր։ Մինչդեռ 6 հազար 700 ընտրող ունեցող համայնքին մէջ իր սատարած ուժի օգտին քուէարկած է ընդամէնը 710 մարդ՝ 3 անգամ պակաս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ձայն տուածներու թիւէն։ Բայց 19 տարուայ գիւղապետը ըսած է, որ այդ իրեն համար բոլորովին հրաժարական տալու առիթ չէ։

«Ինչի՞ պիտի հրաժարական տամ է, ինձ ժողովուրդն ա ընտրել, երբ ընդհանուր ժողովուրդը կ’ասի՝ «Մհեր ջան, հրաժարուի», կը հրաժարուեմ, եթէ չէ, հրաժարուելու ընդհանրապէս միտք չունեմ, պիտի միւս ընտրութիւններին թեկնածութիւնս դնեմ», – ըսաւ Մհեր Գէորգեան։

Մինչդեռ Լոռիի մարզպետ՝ Արամ Խաչատրեանը պնդած է, որ շուտով լոռեցիները, իւրաքանչիւրը իր համայնքին մէջ, կը զգան իշխանութեան կողմէ խոստացուած պողպատեայ մանտաթի ուժը։ Ան, առանց համայնքներ, անուններ ու պաշտօններ մատնանշելու, ըսած է, թէ կան մարդիկ, որոնք նախընտրական շրջանին բռնութիւն բանեցուցած են քաղաքացիներու ազատ կամքին վրայ, արգիլած մասնակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի հանրահաւաքներուն, ճնշումներ գործադրած ու սպառնացած ընտրողները: Խաչատրեան պնդած է, որ այդ անպատիժ չի մնար։

«Վստահեցնում եմ ձեզ, մօտ ապագայում դա գործնականում տեղի կ’ունենայ։ Ասում էինք, որ «տուէք մեզ պողպատեայ մանտաթ» եւ այդ պողպատեայ մանտաթի ուժը ժողովուրդը պէտք է զգայ իր մաշկի վրայ։ Դա սպառնալիք չէ, իւրաքանչիւր մարդ պէտք է իր արածի համար պատասխան տայ», – ըսաւ մարզպետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment