Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի Գոյքին Վրայ Արգելանք Դրուած Է

Նախկին Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի Գոյքին Վրայ Արգելանք Դրուած Է

by MassisPost

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի ծիրէն ներս կատարուող ուսումնասիրութեամբ, նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքին վրայ արգելանք դրուած է, յայտնած է NEWS.am -ը։

Գասպարեան Յունիս 18-ին հրաւիրուած է դատախազութիւն՝ բացատրութիւն ներկայացնելու։

NEWS.am-ին Դատախազութենէն յայտնած են, որ դատարանի որոշումով Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի նկատմամբ կիրառուած է հայցի նախնական ապահովման միջոց։

«Հաշուի առնելով «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի շրջանակներում իրականացուող ուսումնասիրութեան գաղտնիութիւնը՝ այլ անձանց պատկանող գոյքերի նկատմամբ իրականացուող ուսումնասիրութեան վերաբերեալ տուեալներ չեն կարող տրամադրուել»,- ըսած են Դատախազութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment