Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Սկիզբ Առած Են Թուրք-Ատրպէյճանական Հերթական Զօրավարժութիւնները

Սկիզբ Առած Են Թուրք-Ատրպէյճանական Հերթական Զօրավարժութիւնները

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ այսօր սկսած են Թուրքիոյ հետ համատեղ կատարուող «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2021» մարտավարական զօրավարժութիւնները։

Անոնց նպատակը, ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, «երկու երկիրներու բանակային ստորաբաժանումներու համակարգուած գործողութիւններու եւ հրամանատարներու՝ [մարտական գործողութիւններու] կառավարման կարողութիւններու բարելաւումն է»։

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան տեղեկութիւններով՝ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի շուրջ 600 զինծառայող։

«Զօրախաղերուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ 40 միաւոր զրահատեսակներ, անոնց կարգին՝ թանկեր, տարբեր տրամաչափի 20 միաւոր հրետանի, եօթ ռազմական եւ փոխադրային ուղղաթիռ, տարբեր նշանակութեան երեք անօդաչու թռչող սարք», – տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիս 30-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment