Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սիւնիքի Մէջ Քուէարկած Է Մօտ 4700 Զինուորական, Իսկ Փաշինեան Ստացած Է 35293 Քուէ՝ 53.42 %․

Սիւնիքի Մէջ Քուէարկած Է Մօտ 4700 Զինուորական, Իսկ Փաշինեան Ստացած Է 35293 Քուէ՝ 53.42 %․

by MassisPost

«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, Սիւնիքի նախկին մարզպետ՝ Վահէ Յակոբեան Յունիս 24-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով Սիւնիքի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին եւ գրանցուած ցուցանիշներուն, յայտարարած էր, որ Սիւնիքի մարզին մէջ 15 հազար զինուորական բերուած էր քուէարկութեան։

«Փաստերի ստուգման հարթակը» ստուգած եւ համեմատած է Յունիս 20-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Սիւնիքի մարզի ընտրողներու վերաբերեալ բաց աղբիւրներուն մէջ առկայ տեղեկութիւնները եւ պարզած, որ Վահէ Յակոբեանի յայտարարած թիւը խիստ չափազանցուած է։

Ըստ ոստիկանութեան կողմէ ներկայացուած տուեալներուն՝ Սիւնիքի մարզի ընտրողներու թիւը 105,062 է։ Այս թիւին մէջ ներառուած չեն այն զինուորականներու տուեալները, որոնք գրանցուած չեն այս մարզը, սակայն ծառայութեամբ պայմանաւորուած պէտք է քուէարկէին այստեղ։ Զինուորականներու ցուցակները գաղտնի են։

Սակայն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած՝ ըստ տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքներու փաստաթղթով ներկայացուած յստակ է տեղամասի մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը, որու մէջ արդէն ներառուած են նաեւ զինուորականներն ու բնակութեան վայրը փոխածները։ Ըստ այդմ, Սիւնիքի մարզի (34, 35 ընտրատարածքներ) ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 109,750։ Ինչպէս նշեցինք, այս թիւի մէջ ներառուած են նաեւ մարզին մէջ քուէարկած զինուորականները։

Ոստիկանութեան եւ ԿԸՅ-ի կողմէ հրապարակուած տուալներու համեմատութեան շնորհիւ կրնանք հասկնալ, թէ մօտաւորապէս քանի զինուորական քուէարկած է Սիւնիքի մարզը։ Ըստ այդմ, տարբերութիւնը կը կազմէ 4688։ Այլ կերպ ըսելով՝ առաւելագոյնը 4688 զինուորական Սիւնիքի մէջ մասնակցած է ընտրութեան։ Պէտք է նշել, որ այս թիւը կրնայ աւելի քիչ ըլլալ, քանի որ ՀՀ-ի մէջ հաշուառում չունեցող, բայց դիմումի համաձայն գտնուելու վայրի մօտակայ տեղամասի մէջ ու քուէարկութեան օրը ըստ գտնուելու վայրի ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուածները եւս այս թիւին մէջ կը մտնեն։

Այսպիսով  Վահէ Յակոբեանի այն պնդումը, թէ 15 հազար զինուորականներ բերուած են Սիւնիքի մարզ քուէարկութեան նպատակով, առնուազն չափազանցուած է։ Սիւնիքի մարզին մէջ քուէարկած է առաւելագոյնը 4700 զինծառայող։

Նիկոլ Փաշինեան Սիւնիքի մէջ ստացած է 35․293 քուէ՝ 53.42 %։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment