Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեան Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեան Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

by MassisPost

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան շնորհաւորական նամակ ուղարկած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին ընտրութիւններուն անոր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ:

«Ի բոլոր սրտէ կ’աղօթենք, որ Հայրենիքէն ներս նպաստէք համերաշխութեան հաստատման եւ իրականացնէք մեր ժողովուրդի ակնկալիքները՝ բարձրացնելով Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը, բարեփոխէք Հայոց Բանակը եւ նպաստէք անոր մարտունակութեան վերականգնման, զարգացնէք տնտեսութիւնն ու բարելաւէք մեր Հայրենիքի ընկերային պայմանները»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, նշած է Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան՝ ակնկալելով Նիկոլ Փաշինեանը տեսնել Սուրբ Երկրին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment