Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Շնորհաւորած Է Հայաստանի Ժողովուրդը

ԱՄՆ-ը Շնորհաւորած Է Հայաստանի Ժողովուրդը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները շնորհաւորած է Հայաստանի ժողովուրդը Յունիս 20-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ: «Մենք կ’ողջունենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի Ընտրութիւններու դիտարկման առաքելութեան ընդհանուր առմամբ դրական գնահատականը», – երկուշաբթի օր յայտարարած է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան խօսնակը:

Նետ Փրայսը գոհունակութիւն յայտնած է ԺՀՄԻԳ-ի նախնական եզրակացութիւններու առնչութեամբ, համաձայն որոնց՝ ընտրողներու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները յարգուած են, մասնակիցները կրցած են ազատօրէն քարոզարշաւ կատարել, եւ որ ԺՀՄԻԳ-ը ընտրութիւններու օրը քուէներու հաշուարկը դրական գնահատած է:

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Ուաշինկթընը միացած է ԺՀՄԻԳ-ի մտահոգութիւններուն՝ կապուած մասնակիցներու խիստ բեւեռացուածութեան եւ բորբոքիչ հռետորաբանութեան հետ: «Կը յորդորենք բոլոր քաղաքական ուղղութիւններուն յարող հայաստանցիներուն յարգելու այս ընտրութիւններու արդիւնքները, երբ անոնք վաւերացուած ըլլան, մտահոգիչ խնդիրներու հետ կապուած կիրառելու ընտրութիւններու բողոքարկման իրաւական գործընթացը եւ խուսափելու քաղաքական վրէժխնդրութենէ, մինչ Հայաստանը կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ ինքնիշխան, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագային», – ըսուած է յայտարարութեամբ:

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հայաստանի հետ գործընկերութեան ամրապնդման՝ հիմնուած ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ», – նշած է Փրայսը՝ բարձր գնահատելով բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի առաջընթացը եւ ջանքերը քոռուփցիայի դէմ պայքարի, քաջալերելով Հայաստանը «շարունակել այդ ճանապարհը՝ 2018 թուականի գարնան հայ ժողովուրդի արտայայտած իղձերուն համահունչ»:

«Կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն յարգելու օրէնքի գերիշխանութիւնն ու ժողովրդավարական սկզբունքները եւ անհամբեր կը սպասենք նոր Կառավարութեան հետ աշխատանքին՝ ընդլայնելու մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը», – յայտարարած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակը:

Նետ Փրայս նաեւ բարձր գնահատած է Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման դեսպան՝ Լին Թրէյսիի եւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի  դեսպանատան ամբողջ անձնակազմի աջակցութիւնը: «Անոնց նուիրուածութեան եւ ջանադիր աշխատանքի միջոցով մենք կը շարունակենք առաջ մղել ԱՄՆ-Հայաստան գործընկերութիւնը», – ըսուած է յայտարարութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment